Քամպոտիան կը ծրագրէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը առաջադրել Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի՝ Թայլանտի եւ Քամպոտիոյ միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ ունեցած դերակատարութեան համար։
Այս մասին Wall Street Journal թերթին յայտնած է Քամպոտիայի փոխվարչապետ Սուն Չանթոլը։
Յուլիսին Թրամփ յայտարարած էր, թէ զրուցած է Քամպոտիոյ եւ Թայլանտի ղեկավարներուն հետ՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգները առեւտրական համաձայնագրեր պիտի չստորագրէ այդ երկիրներուն հետ, քանի դեռ անոնք կը գտնուին հակամարտութեան մէջ։
Այնուհետեւ ան նշած էր, որ երկիրներու իշխանութիւնները համաձայնած են անյապաղ հանդիպիլ՝ հրադադարի համաձայնագիր մշակելու նպատակով, եւ այդ գործընթացէն ետք Ուաշինկթըն պատրաստ պիտի ըլլայ վերսկսելու առեւտրական բանակցութիւնները անոնց հետ։