ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը իր համակիրներուն յայտարարած է, որ կ՚ուզէր խուսափիլ Իրանի հետ ձգձգուող պատերազմէն եւ զայն աւարտել առաջիկայ շաբաթներու ընթացքին, կը գրէ The Wall Street Journal-ը։
WSJ-ի զրուցակիցներու տուեալներով՝ Սպիտակ տան մէջ կը յուսան, որ մինչեւ Մայիս 14-15-ին նախատեսուած Թրամփի եւ Չինաստանի ղեկավար Սի Ծինփինի հանդիպումը պատերազմը աւարտած պիտի ըլլայ։
Պարբերականի աղբիւրները պատմած են, որ Թրամփը մասնաւոր զրոյցներու ընթացքին իր խորհրդականներուն յայտնած է, որ իր կարծիքով Իրանի հետ պատերազմը կը գտնուի եզրափակիչ փուլի մէջ, եւ ինք համոզուած է, որ պէտք է հաւատարիմ մնալ ռազմական գործողութիւններու իրականացման համար նախապէս հնչեցուած չորսէն վեց շաբթուան ժամկէտներուն։
«Սկիզբէն իսկ մենք կը յուսայինք մարտական գործողութիւններու չորս-հինգ շաբաթ տեւողութիւն, բայց ունինք կարելիութիւն պատերազմը շատ աւելի երկար վարելու»,– ըսած էր Թրամփը։
Պարբերականը կը նշէ, որ Մարտի վերջի դրութեամբ Թրամփը պատերազմը դադրեցնելու հեշտ տարբերակներ չունի, իսկ խաղաղ բանակցութիւնները տակաւին կը գտնուին սկզբնական փուլի մէջ։
WSJ-ի աղբիւրները նաեւ յայտնած են, որ ԱՄՆ նախագահը կը կարծէ, թէ Իրանի հետ պատերազմը կը շեղէ զինք այլ նպատակներէ։ Թէ ո՛րն է այդ նոր նպատակը, Թրամփը չէ յստակեցուցած, սակայն պարբերականի որոշ զրուցակիցներ ենթադրած են, որ խօսքը կրնայ վերաբերիլ Քուպայի մէջ վարչակարգի փոփոխութեան։