image

Թէլ Աւիւի մէջ եղածը՝ դատապարտելի (Տեսանիւթ)

Թէլ Աւիւի մէջ եղածը՝ դատապարտելի (Տեսանիւթ)

Երէկ Թէլ Աւիւի մէջ եղածը մի քանի առումներով դատապարտելի է։ Խօսքը  Իսրայէլ տէրութեան հետ կապ չունեցող իտալացի զբօսաշրջիկի մը սպանութեան դէպքին մասին է։

Պաղեստինցիք իրենց ցաւը «մահանա» ընելով անցած են անհասկնկալի արարքներու, որ կերպով մըն ալ մօտ է ահաբեկչութեան։

Պաղեստինցիներու մօտ զգալի է ուժեղ եւ կեդրոնական լիտէր մը ունենալու պակասը, իսկ անոնք որ  կը ներկայանան որպէս յանուն Պաղեստինի պայքարողներ, կը կատարեն Իրանի պատուէրները։ 

Այս արարքները չեն բխիր Պաղեստինի շահերէն ու ամէն կերպ դատապարտելի են։

Իհարկէ Իսրայէլ կը հակազդէ եւ պիտի հակազդէ նման արարքներու եւ հետեւանքը կ՚ըլլայ աւելի շատ մահ եւ աւելի շատ արիւն։

Արդիւնքը կլոր շրջանակի մը շուրջ անիմաստ տեղը դառնալն է եւ՝  ժամանակի կորուստ։ 

Աւելի լաւ հասնկալու համար եղած բարբարոսութիւնը՝ դիտել տեսանիւթը։

 

 Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն