image

Թեհրանի մէջ. Գումարուած է կրօնական նորընտիր խորհուրդի անդրանիկ նիստը

Թեհրանի մէջ. Գումարուած է կրօնական  նորընտիր խորհուրդի անդրանիկ նիստը

Թեհրանի մէջ գումարուած է վերջերս ընտրուած թեմի կրօնական խորհուրդի անդրանիկ  նիստը։

Այս մասին իմացանք Թեհրանի թեմի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս կը կարդանք՝ 

Երեքշաբթի, թուականիս Հոկտեմբեր 12-ին, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճում, հրաւէրով եւ նախագահութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Սեպուհ․ Ս․ Արք․ Սարգսեանի, տեղի ունեցաւ նորընտիր Կրօնական խորհուրդի անդրանիկ նիստը։ Նիստին ներկայ էին կրօնական խորհուրդի անդամներն ու Պատգամաւորական ժողովի դիւանի ներկայացուցիչներ՝ ատենապետ Վահիկ Աղաքեանը եւ ատենադպիր Յարութիւն Եղնազարեանը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Տէրունական աղօթքով եւ Զգործս ձեռաց մաղթանքով, մեկնարկեց Կրօնական ժողովի անդրանիկ նիստը։

Սրբազան Հայրն իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղելով ներկաներուն իրենց ներկայութեան համար, յայտնեց այն իրողութիւնը, որ կրօնական խորհուրդը թեմէն ներս, թեմական խորհուրդի կողքին, որպէս գործադիր մարմին վերահասու է կրօնական եւ եկեղեցական բոլոր հարցերուն, վայելելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Թեմական խորհուրդի, Պատգամաւորական ժողովի եւ Հաշուեքննիչ մարմինի համագործակցութիւնը։ Ապա Սրբազան հայրը ձայն փոխանցեց Պրն․ Աղաքեանին, ով իր հերթին գնահատելով կրօնական խորհուրդի նախկին շրջաններուն տարած աշխատանքը՝ ի մասնաւորի կրօնի դասգիրքերու վերակազմումը եւ յոյս յայտնեց եկեղեցին աւելի շէնացնելով ժողովուրդին՝ յատկապէս երիտասարդներուն համար, այն աւելի աշխուժացնել։ Կրկին անգամ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով յոյս յայտնեց, որ նորընտիր կրօնական խորհուրդը բծախնդրօրէն պիտի իրագործէ իր վրայ դրուած բոլոր պարտականութիւնները։

Ապա փակ քուէարկութեամբ տեղի ունեցաւ ընտրութիւն, որու արդիւնքով ընտրուեցաւ խորուհրդիս դիւանը ըստ հետեւեալի՝

Առաջին ատենապետ՝ Արժ․ Տ․ Մաշտոց Քհնյ․ Խաչատրեան

Երկրորդ ատենապետ՝ Արժ․ Տ․ Մեսրապ Քհնյ․ Ռատթէոսեան

Առաջին ատենադպիր՝ Արժ․ Տ․ Գրիգորիս Քհնյ․ Ներսէսեան 

Երկրորդ ատենադպիր՝ Արժ․ Տ․ Արիստակէս Քհնյ․ Շահմիրեան

Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց դիւանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր՝ յաւելելով, որ ժողովականները կոչուած են միակամ, միասիրտ, համերաշխ գործակցութեամբ աշխատանքը շարունակելու։