Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալեթի ազգային ակադեմիական թատրոնի աշխատակազմը յայտարարութիւն տարածած է՝ տեղեկացնելով, որ իերնք դէմ են օփերային թատրոնի կառավարման խորհուրդի ղեկավարի պաշտօնին Նազենի Ղարիպեանի ընտրութեան:
«Տեղի է ունեցել քուէարկութիւն, որի արդիւնքների վերաբերեալ Թատրոնի աշխատակազմը միանգամայն հիմնաւոր եւ արդարացի անհամաձայնութիւն ունի»,-ըսուած է Օփերայի աշխատակիցներու տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Անոնք կը պատրաստուին 27 մայիսին ժողով հրաւիրել՝ քննարկելու ստեղծուած իրավիճակը:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն տեղեկացուցած էին, որ «Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալեթի ազգային ակադեմիական թատրոն» ՊՈԱԿ-ի կառավարման խորհուրդի նախագահ ընտրուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազենի Ղարիպեանը: