image

Ճեք Հաճինեան Նշանակուեցաւ Adventist Health White Memorial-ի վարչութեան անդամ

Ճեք Հաճինեան Նշանակուեցաւ Adventist Health White Memorial-ի վարչութեան անդամ

Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ Ճեք Հաճինեան նշանակուած է Adventist Health White Memorial հիւանդանոցային ցանցի վարչութեան անդամ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճըլըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի նախկին անդամ Ճեք Հաճինեան նշանակուեցաւ Adventist Health White Memorial հիւանդանոցային ցանցի վարչութեան անդամ։ Ան պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 Յունուար 2025ին։

Նշենք, որ նշեալ հիւանդանոցային ցանցը վերջերս իրեն միացուց Մոնթեպելլոյի Beverly հիւանդանոցը։

Հաճինեան 9 տարներ եղած է Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ երկու առիթներով ընտրուած է քաղաքապետ։ Ան նաեւ անդամ եղած է շարք մը շրջանային մարմիններու, որոնց կարգին՝ Սան Կապրիէլ հովիտի եւ «Կէյթուէյ» քաղաքներու կառավարութիւններու վարչական խորհուրդին, Քալիֆորնիոյ քաղաքներու միութեան բնակարանային, համայնքային եւ տնտեսական զարգացման յանձնախումբին եւ Ալամիտայի անցքի շինարարական մարմինի վարչութեան։

Հաճինեան ներկայիս անդամ է Լոս Անճելըս գաւառի Թմրեցուցիչի եւ ոգելից ըմպելիներու յանձնաժողովին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի Ազգային վարչութեան։