Միասնաբար փրկենք հայերէնը (25)
Գրիչ Յովհաննէս Թումանեան
ա) «Ի՞նչ կը լինի, ասա՛, գրի՛չ, բ) Ե՛կ, խնդրում եմ՝ ինձ համար էլ
Ի՛նձ էլ սիրես գոնէ մի քիչ: Գրի՛ էնպէս արագ-արագ,
Ինչո՞ւ իմ մեծ քրոջ ձեռքին Էնպէս ուղիղ, սիրուն բարակ»:
Գրում ես միշտ վարժ ու կարգին. Գրիչը լուռ լսում, լսում,
Իսկ իմ ձեռքին խազմզում ես Ճռճռում է ու խազմզում,
Սեւ ագռաւի ճանկերի պէս : Բայց այս անգամ արդէն կարծես
Ես քեզ վատ բան ի՞նչ եմ արել: Փոքրիկ ծիտի ճանկերի պէս :
Գրիչդ դալար... ոճ
Հայերս ունինք շատ հին ու շատ ազնիւ ասոյթ մը՝ գրիչդ դալար, որ կը կիրարկենք ամէն անգամ, որ դէմ-յանդիման գտնուինք յաջող գրութեան մը հեղինակին: Այդ մաղթանքը կրնայ տեղի ունենալ անձնական մտերմիկ հանդիպումի մը կամ հրապարակային բազմամարդ հանդիսութեան մը ընթացքին՝ բանախօսի մը կողմէ:
Տրուած ըլլալով, որ դալար կը նշանակէ կանաչ, ապա հարց կը ծագի, թէ կանաչ գոյնը ի՞նչ առնչութիւն կրնայ ունենալ տուեալ երկին յաջողութեան հետ:
Ինչո՞ւ կանաչ եւ ոչ այլ գոյնի գրիչ մը, եւ վերջապէս գոյնը ի՞նչ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ տուեալ գրութեան եւ անոր գտած յաջողութեան մէջ:
* * *
Վերոբերեալ հարցերուն պատասխանելու համար մենք պարտինք երթալ պատմութեան անյիշելի խորերը, երբ առաջին անգամ ըլլալով մարդ արարածը Եփրատի ափին բուսած եղէգէն կտրեց ու ձեւաւորեց գրիչ մը եւ անով իր միտքերը արձանագրեց թաց աւազին կամ փափուկ կաւին վրայ, որով շատ հարուստ են Եփրատի ափերը եւ որոնք եղան իր առաջին գրադաշտերը:
Եւ հազարամեակներու բանաւոր կիրարկումէն ետք ծնունդ առաւ առաջին գրաւոր խօսքը. զի բանն այնու եղեւ գիր:
Բանական էակի մեծագոյն իրագործումն էր այս:
Այնուհետեւ այդ գրիչը ձեւեր փոխեց, ձեւեր փոխեց գրադաշտն ալ: Եղէգը դարձաւ ոսկոր, գրադաշտը դարձաւ մոմ, ոսկորը դարձաւ մետաղ, գրադաշտը դարձաւ աւելի կարծր՝ չոր կաւ կամ մինչեւ իսկ ժայռ, որուն վրայ այլեւս չէին գրեր, այլ ուղղակի կը քերէին, կը փորագրէին զանոնք՝ ստանալու համար գրային պատկերներ:
Ժամանակի թաւալումին հետ յառաջացան նոր գրադաշ-տեր՝ փայտը, մագաղաթը, պապիրոսը, եւ նոր գրիչներ, որոնց մէջ իր ուրոյն տեղը ունի սագի փետուրը, որ մինչ այդ եղածներուն մէջ ամենայարմարն էր՝ յատկապէս մելանով գրելու համար. ան մինչեւ այսօր ալ խորհրդանշաբար կը պահուի, երբ վաղուց գործածութեան մէջ մտած են մետաղեայ այլազան գրչածայրեր՝ իրենց գրչակոթերով:
Այս բոլորին մէջ եւ անոնց զուգահեռ, եղէգը պահպանեց իր գործածութիւնը մինչեւ Միջին դարերու աւարտը, ըսենք՝ 13-14-րդ դարերը:
Իսկ դալար եղէգով բանաձեւուած մաղթանքը՝ իբրեւ խորհրդանիշ, շարունակեց ուղղուիլ բոլոր տեսակի գրիչներուն՝ անոնք ըլլան ոսկոր, մետաղ, վրձին, փետուր եւ… համակարգիչ. յիշենք թէկուզ Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն»-ը.
Եղէգնեայ գրչով երգեցի փառքեր,
-Քեզի ընծա՜յ, իմ հայրենիք...
Երբ Վարուժան կը գրէր այս տողերը, եղէգնեայ գրիչները բազմաթիւ դարերէ ի վեր դադրած էին գործածուելէ, սակայն անոր խորհուրդը կը պահպանուէր, եւ ըսելու պէտք չկայ՝ որ ան շատ երկար պիտի պահպանուի տակաւին:
Իսկ ինչո՞ւ դալար...
Դալարութիւնը կեանքի, կենսունակութեան խորհրդանիշ է. որեւէ բոյս, եղէգը իր կարգին, ողջ է ու կ’ապրի այնքան ատեն որ... դալար է. ան կը մեռնի ու կը փճանայ, երբ չորնայ: Մեր նախնիները վստահաբար չորցուած եղէգէ կը կտրէին իրենց գրիչը, ինչ որ շատ աւելի տոկուն է, բայց հայը անոր դալարութիւն կը մաղթէ խորհրդանշաբար. այստեղ դալար գոյնը կը նոյնանայ տուեալ գրիչով արտադրուող երկերու յաջողութեամբ եւ այդ գրիչը բռնող արուեստագէտին՝ երկարակեցութեան մաղթանքով:
Հապա՞ ոճը...
* * *
Ոճ, իր կարգին, կը նշանակէ եղէգ, բուսական ծղօտ, ցօղուն, որ նմանապէս ծառայած է իբրեւ գրիչ. յունարէն καλάμυς “քալամուս” , արաբերէն ու թրքերէն՝ قلم :
Բայց ահա ժամանակին հետ այս եզրը վերիմաստաւորուած է եւ սկսած է նշանակել ամբողջութիւնը գրողին գեղարուեստական բնորոշ իւրայատկութիւն-ներուն, որոնք ուսանելի են, սակայն ոչ սեփականելի ու օտարելի, որովհետեւ ի վերուստ տրուած է ոճը: Այս հիմամբ է, որ այսօր կը խօսինք գրողներու ոճին մասին, ինչպէս՝ Վարուժանի, Մեծարենցի, Շահան Շահնուրի եւ ուրիշներու:
Գրականութեան դասագիրքերու մէջ շատ սովորական է գտնել հատուածներ, որոնք նուիրուած են գրողներուն ոճին, որ երբեմն այնքան բնորոշ է գրողին, որ վարժ ընթերցողը, կարդալով անանուն հատուած մը, դիւրաւ կը յաջողի ճանչնալ անոր հեղինակը:
Հայերէնի ոճ-ին կը համապատասխանէ յունալատինական στολυσ-stilus “սթոլուս-սթիլուս” եզրը, որ ներկայիս կը գրուի stylus-stylօ-style` y-ով:
Ոճ եզրը, բոլոր լեզուներու մէջ ալ, շարունակելով ընդլայնել իր նշանա-կութեան ծիրը, հետզհետէ ընդգրկած է անհատի մը իւրայատկութեանց ամբողջութիւնը եւս. այսօր կը զանազանենք՝ ապրելու ոճ մը եւ մեռնելու ոճ մը, ուտելու ոճ մը եւ խմելու ոճ մը, հագուելու ոճ մը եւ կապուելու ոճ մը եւ այլն:
Մրցոյթ 24.
***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը՝ ջնջելով աւելորդ բառերը:
Ուշադրութի՛ւն. ոչ մէկ բառ պիտի փոփոխութիւն կրէ:
---Անհրաժեշտ է, որ իշխանութիւնը տէր կանգնի երկրին մէջ բոլոր համայնքները պաշտպանելու իր պարտաւորութեան տէր կանգնի:
***Հետեւեալներուն մէկական բառը փոխարինելի է.
---Անոնք խիզախաբար ծառացան այլազան թշնամիներու դիմաց դէմ:
---Մեր պատմութեան էջերը լուսաւորուեցան, երբ ազատութեան մունետիկ-ներ շեփորահարներ (ջահակիրներ ազատամարտիկներ, յառաջամարտիկներ), իրենց նահատակութեամբ ակօսեցին հայուն ուղին:
***Հետեւեալ չորսէն ո՞րն է ամէնէն բարեհունչն ու հայեցին.
---Մեր ունայնամտութիւնը յաճախ կը թելադրէ մեզի:
***Դարմանէ հետեւեալին անհամասեռութիւնը.
---Քարակերտ կոթողը զրկուած է իր ժողովուրդի բարոյական ու հոգեբանական հոգեկան խնամքէն:
***Հետեւեալին ո՞ր բառին վրայ կ’աւելցնես «շարք մը».
---Ռուսիա թիրախ դարձուց ազրպեյճանական մամուլի շարք մը հարթակները:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Զեփիւռ Աւագեան (6), Գեղամ Խաչատրեան (6), Գէորգ Եազըճեան (9), Համբարձում Յարթունեան (6), Լիզա Յովհաննէսեան (4,5), Ցոլակ Ապտալեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (6), Միրնա Սիւլիւքճեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (9,5), Պերճ Տէր Սահակեան (10) :
Մրցոյթ 25.
***ԻՆչպէ՞ս կը թօթափես հետեւեալին կրկնաբանութիւնը.
---Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու ջնջումէն ետք Լիբանանի մէջ սուրիացիներու մէկ օրով իսկ մնալուն նկատմամբ լուռ մնալու ամէն տրամաբանութիւն չքացաւ («Ազդակ», 17/5/2025):
***Ջնջէ՛ աւելորդ տարրերը.
---Խաղաղապահները զէնքերու եւ զինամթերքներու աւելի քան 200 թաքս-տոցներ գտան («Ազդակ», 8/5/2025):
***Ի՞նչ լուծում կրնաս տալ հետեւեալ սխալ կառոյցին.
---Ինքնաշարժս դանդաղ վարելով՝ ճամբուն եզրին փայտէ կոճղին ամրա-ցուած ցուցանակը գրաւեց ուշադրութիւնս («Ազդակ», 9/5/2025):
***Սրբագրէ հետեւեալ սխալ կառոյցը.
---Չինաստանի մէջ մանչերու թիւին համեմատութիւնը, բաղդատած աղջիկներուն, հասած է 100/119-ի (Սեդա Խտըշեան, «Հաւաքանի»):
***Կրնա՞ ջնջել հետեւեալին ութ աւելորդ բառերը.
---Թրամփ Արաբական ծոց իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ Տոհա իր այցելութեան երկրորդ օրուան ընթացքին քաթարցի պաշտօնատարներու հետ իր հանդիպումի ընթացքին յայտնեց(«Ազդակ», 16/5/2025):
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com