image

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամը ընդունուեցաւ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ

 ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամը ընդունուեցաւ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ

 Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Աւետիս Տագէսեան օրերս հանդիպում մը ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

 Հանդիպման մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։

 Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 14 Յուլիս 2025-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի հետ:

Հանդիպման գլխաւոր առանցքը, բնականաբար, Հայաստանէն ներս ստեղծուած տագնապալից կացութիւնն էր: Տոքթ. Տագէսեան ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին կատարած աշխատանքները՝ մեղմացնելու ներհայաստանեան վատառողջ մթնոլորտը, որպէսզի կարելի ըլլայ հարցերու լուծման առաջնորդող ճամբաներ գտնել: Միաժամանակ, ան առաջարկեց Նորին Սրբութեան շարունակել իր ճիգերը, հակառակ գոյութիւն ունեցող դժուարութիւններուն:

Վեհափառ Հայրապետը, իր կարգին, տոքթ. Տագէսեանին պարզեց իր մօտեցումները եւ շեշտեց մեր ժողովուրդին ներքին միասնակամութիւնը ամուր պահելու հրամայականը:

Յայտնենք, որ հակառակ գոյութիւն ունեցող շարք մը դժուարութիւններու, Վեհափառ Հայրապետը պիտի շարունակէ իր աշխատանքները՝ ի խնդիր Հայաստանի պետութեան ու եկեղեցւոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներու կարգաւորման, ինչպէս նաեւ այլ առկայ հարցերու լուծման: