image

Արփի Աւանէսեան Նշանակուեցաւ «Մերտինեան»ի Տնօրէն

Արփի Աւանէսեան Նշանակուեցաւ «Մերտինեան»ի Տնօրէն

Քալիֆորնիոյ Մերտինեան վարժարանի Հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վարժարանի տնօրէն նշանակուած է Արփի Աւանէսեան Իտոլորը, որ այդ պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 Յուլիսին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝

Մերտինեան վարժարանի Հոգաբարձութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ վարժարանին յաջորդ տնօրէնը նշանակած է Արփի Աւանէսեան Իտոլորը, որ այդ պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 Յուլիսին։

Ներկայի ժամանակաւոր տնօրէն Շողեր Շանոյեան յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի ստանձնէ տնօրէնի օգնականի պաշտօնը։

Կրթական մարզին մէջ առաւել քան 20 տարիներու փորձառութիւն ունեցող Աւանէսեան Իտոլոր նախապէս եղած է ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի տնօրէնը եւ ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ դասանիւթերու պատրաստութեան, ռազմավարական ծրագրումի, անձնակազմի զարգացման, խորհրդատուութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ։