image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. մասնակցեցաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն

Լիբանան. Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք. մասնակցեցաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն

Օրերս Գանատայի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան, իրենց մասնակցութիւնը բերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական լիակատար նիստերուն, ինչպէս նաեւ անոնք հանդիպում մը ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ ։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանատայի Թեմի Դիմատետրեան պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ հաղորդագրութիւնը՝

Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երեքշաբթի, 10 Յունիս 2025-ին, սկիզբ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական լիակատար նիստերը։

Գլխաւորութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ՝ Բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան իրենց մասնակցութիւնը բերին վերոնշեալ ժողովներուն։

Շաբաթ, 14 Յունիսի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։

Հանդիպման ընթացքին, անոնք շնորհաւորեցին Նորին Սրբութեան Ընտրութեան եւ Գահակալութեան 30-ամեակը, մաղթելով ընդ երկար գահակալութիւն։

Ապա, արծարծեցին Թեմիս հետ առնչուող հարցեր եւ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին Թեմիս գործունէութեան մասին։