Հալէպի Ս. Սիմէոն Սիւնեկացի պատմական եկեղեցին եւ վանքը վերանորոգման աշխատանքներէն ետք վերաբացուած են։ Վերաբացման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Սուրբին յիշատակի օրուան առիթով, քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու, պետական պատասխանատուներու եւ հոծ բազմութեան ներկայութեամբ։
Ստորեւ այդ մասին Բերիոյ Թեմի Պաշտօնական էջով տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Երեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2026-ին, Հալէպի Քրիստոնեայ Համայնքապետներու հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, գեղեցիկ տնօրինումով մը եւ հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ Ս. Սիմէոն Սիւնեկացի եկեղեցւոյ եւ վանքի վերաբացման արարողութիւնը, Յայսմաւուրքին համաձայն Սուրբին յիշատակութեան օրուան մէջ։
Ներկայ էին նաեւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, նահանգապետարանի ներկայացուցիչներ, զբօսաշրջութեան Հալէպի տնօրէնը, թանգարաններու եւ հնութեանց գրասենեակի տնօրէնը եւ պետական պատասխանատուներ։
Այս առիթով, բացման խօսք արտասանուեցաւ: Ապա, Յոյն Ուղղափառ համայնքի Առաջնորդ Աֆրամ Մաալուլի եպիսկոպոսը Համայնքապետներուն անունով խօսք արտասանեց, որուն ընդմէջէն երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հալէպի նահանգապետին, զբօսաշրջութեան Հալէպի տնօրէնին, թանգարաններու եւ հնութեանց գրասենեակի տնօրէնին եւ բոլոր այն կողմերուն, որոնք իրենց ներդրումը բերին վանքը այս հանգրուանին հասցնելու համար:
Հոգեւոր Պետերը աղօթքներ եւ բարեխօսական մաղթանքներ բարձրացուցին առ Աստուած, Աստուածաշնչական ընթերցումներ եւ առաքելական նամակներ ընթերցեցին, որոնց ընթացքին հոգեպէս ներշնչուած Ս. Սիմէոն Սիւնեկացիին բարեխօսութիւնը խնդրեցին, մաղթելով հաւատքի տոկունութիւն եւ խաղաղութեան հաստատում։
Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելով աղօթք արտասանեց: Սրբազան Հօր կ'ընկերակցէր Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան: Այս առիթով Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը կազմակերպած էր ուխտագնացութեան մասնակցութիւն: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ աղօթական ոգիով ներկայ գտնուեցան արարողութեան:
Յիշեալ վերաբացումը յաջորդեց վանքին վերանորոգումին, որուն իրենց ներդրումը բերին 11 համայնքները՝ նիւթաբարոյական աջակցութեամբ եւ նահանգապետարանի եւ այլ կողմերու հետ համագործակցութեամբ: Վանքին պաշտօնական վերաբացումը տեղի պիտի ունենայ այս ամսուան աւարտին։