Ճափոնի Հաքոտաթէ քաղաքին մէջ ափ նետուած են հարիւր հազարաւոր ձուկեր: Կատարուածի պատճառներն անյայտ են. շարքային քաղաքացիները որպէս պատճառ նշած են «Ֆուքուշիմա 1» աթոմակայանէն ջուրի վերջին բացթողումը, գիտնականները՝ բնական գործընթացները, ջերմաստիճանի փոփոխութիւններն ու գաղթը։
Ինչպէս նշած է News.ru-ն, լողափի 1,5 քիլոմեթրն այժմ ծածկուած է քանի մը թոն սարտիններով եւ սքումպրիաներով։
Նախաձեռնող ճափոնցիներն արդէն հասցուցած են համալրել իրենց պաշարները դեռ կենդանի ձուկերով, սակայն պարզ չէ, թէ ինչ ընել մնացածի հետ։