image

Գանատայի մէջ անտառային հրդեհներու պատճառով հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են

Գանատայի մէջ անտառային հրդեհներու պատճառով հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են

Գանատայի արեւմտեան քանի մը նահանգներու մէջ անտառային հրդեհներ կը մոլեգնին։ Ուժգին հովերու, չոր եղանակի եւ բարձր ջերմաստիճանի պատճառով կրակը շատ արագ կը տարածուի՝ բարդացնելով հրշէջներու աշխատանքը։ Հազարաւոր բնակիչներու տարհանման հրահանգ տրուած է։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է CBC News-ը։

Սասքաչեւանի նահանգին մէջ հրդեհներու պատճառով 30 օրով արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է։ Հազարաւոր մարդիկ տարհանուած են։ Սասքաչեւանի ղեկավար Սքոթ Մոն յայտարարած է, որ նահանգի բնակիչները եւ հրշէջները «վաղուց, եթէ ոչ երբեք», նման ծայրայեղ իրավիճակի չեն բախած։ Մայիս 29-ի դրութեամբ նահանգին մէջ 17 գործող անտառային հրդեհ կար, որոնցմէ միայն երեքը զսպուած էին։

Հարեւան Ալպերթայի նահանգին մէջ եւս անտառային հրդեհներու պատճառով հարիւրաւոր բնակիչներու պարտադիր տարհանման հրահանգ տրուած է։ Մայիս 29-ի դրութեամբ նահանգին մէջ կը մոլեգնէր 50 հրդեհ, որոնցմէ 24-ը դասակարգուած էին որպէս «վերահսկողութենէ դուրս»։

Մանիթոպայի նահանգին մէջ եւս արագ տարածուող հրդեհներու եւ ծայրայեղ պայմաններու պատճառով 30 օրով արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է։ Մանիթոպայի ղեկավար Վապ Քինիւոն յայտարարած է, որ ձեռնարկուած միջոցառումներու շրջածիրէն ներս շուրջ 17,000 մարդ պիտի տարհանուի։ Քինիւոն նաեւ նշած է, որ երկրի վարչապետ Մարք Քարնին բաւարարած է նահանգի խնդրանքը եւ Գանատայի զինուած ուժերը պիտի ուղարկէ օգնութեան։

Ընդհանուր առմամբ, մայիս 29-ի դրութեամբ Գանատայի մէջ մոլեգնող հրդեհներու թիւը հասած է 160-ի, որոնց գրեթէ կէսը վերահսկողութենէն դուրս են։ Երկրին մէջ Ազգային պատրաստուածութեան մակարդակը բարձրացուած է առաւելագոյն՝ 5-րդ մակարդակի։

CNN-ը կը նշէ, որ Գանատայի մէջ մոլեգնող անտառային հրդեհներու վտանգաւոր ծուխը սկսած է հասնիլ Միացեալ Նահանգներ։