image

Ռուսիա հարիւրաւոր ԱԹՍ-ներ արձակեց Ուքրանիոյ ուղղութեամբ

Ռուսիա հարիւրաւոր ԱԹՍ-ներ արձակեց Ուքրանիոյ ուղղութեամբ

Ռուսիան գիշերը անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով զանգուածային նոր հարուած հասցուցած է Ուքրանիոյ։ Հարուածներու գլխաւոր թիրախը եղած է Լուք քաղաքը, որու վրայ արձակուած են 5 «Քինժալ» հրթիռ եւ տասնեակ ԱԹՍ-ներ։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը։

Ընդհանուր առմամբ, ըստ Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերու, երկրի վրայ արձակուած է 728 ԱԹՍ, որ ամենամեծ թիւն է ռազմական գործողութիւններու մեկնարկէն ի վեր։ Բացի այդ, Ուքրանիոյ վրայ արձակուած են 13 «Իսքանտեր» եւ «Քինժալ» հրթիռներ։ 

ԱԹՍ-ներէն 718-ը եւ «Իսքանտեր» թեւաւոր հրթիռներէն 7-ը խոցուած են կամ ճնշուած ռատիոելեկտրոնային պայքարի միջոցներով։

Լուցքի վրայ արձակուած է աւելի քան 50 ԱԹՍ, որոնցմէ 4-ը հարուածած են թիրախներ, ԱԹՍ-ներու բեկորներն ինկած են 14 վայրի մէջ։ Ըստ նախնական տուեալներու՝ զոհեր չկան։ 

Ուքրանիան ալ ԱԹՍ-ներ արձակած է Ռուսիոյ ուղղութեամբ։ Քուրսքի մէջ կայ 3 զոհ, 7 վիրաւոր։