Լոս Անճելըսի կեդրոնին մէջ, Կիրակի օր, ընդհանուր առմամբ 27 մարդ ձերբակալուած է, այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան պետ Ճիմ ՄաքՏոնըլը, երեկոյեան մամուլի ասուլիսի ընթացքին։ ՄակՏոնըլ նշած է, որ ենթադրեալ յանցագործութիւններու շարքին եղած են ոստիկանի մը վրայ ինքնաշէն ձեռնառումբ նետելը եւ շարժակաւոր հեծելանիւով (մոթորսիքլէթ) ոստիկանական շարքին մէջ մխրճուիլը։
CNN-ի վկայութեամբ՝ ոստիկանութիւնը օգտագործած է լուսաձայնային նռնակներ եւ արցունքաբեր կազ՝ ամբոխը ցրելու համար, ոմանք ձերբակալութեան ընթացքին հարուածած ու հրած են ցուցարարները։ Ցուցարարները հրկիզած են առնուազն երկու ինքնաշարժ։ Լոս Անճելըսի ամբողջ կեդրոնական շրջանը յայտարարուած է անօրինական հաւաքներու տարածք։
Մօտ 300 Ազգային պահակագունդի զինուոր տեղակայուած է այդ տարածքին մէջ, այն բանէն ետք, երբ նախագահ Տանըլտ Թրամփ պահանջած է այս քայլը՝ դաշնային անձնակազմը եւ սեփականութիւնը պաշտպանելու համար։ Այս տասնամեակներու ընթացքին առաջին դէպքն է, երբ նախագահ մը Ազգային պահակագունդ կ՚ուղարկէ առանց նահանգի դիմումին կամ համաձայնութեան։ Նաեւ 500 ծովային հետեւակային ալ պատրաստ են տեղակայուելու։
Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Քեւըն Նիւսըմ յայտարարած է, թէ նահանգը դատական հայց պիտի ներկայացնէ Թրամփի վարչակազմին դէմ Ազգային պահակագունդի տեղակայման հարցով, որ, ըստ իրեն եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Քարէն Պասի, սադրիչ քայլ մըն է։
Իրաւապահներու եւ ցուցարարներու միջեւ բախումները շարունակուած են քանի մը օր՝ գաղթականութեան գործակալներու կողմէ գաղթականներու ձերբակալութենէն ետք։