Ֆրեզնոյի մէջ, «Ճան Չուքասեան Հայկական երաժշտական համոյթ»ի հիմնադիր Ճան Չուքասեան ընտրուած է Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ «Հովիտի Երաժշտութեան Փառքի Սրահ»ին անդամ՝ շրջանի մշակոյթին եւ յատկապէս երաժշտական ոլորին մատուցած անոր երկար տարիներու սպասարկութիւններու համար։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`
Ճան Չուքասեան, որ հիմնադիրն է «Ճան Չուքասեան Հայկական երաժշտական համոյթ»ին՝ ընտրուեցաւ անդամ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ «Հովիտի Երաժշտութեան Փառքի Սրահ»ին, նկատի ունենալով շրջանի մշակոյթին եւ յատկապէս երաժշտական ոլորին մատուցած անոր երկար տարիներու սպասարկութիւնները։
Նիւ Եորք ծնած Չուքասեան զաւակն է Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ Սեբաստիայէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած հայորդիներու։ Ան մասնագիտացած է երաժշտութեան մէջ, ուսանելով Նիւ Եորքի համալսարանին մէջ եւ կազմած է շարք մը հայկական նուագախումբեր եւ վերջին 35 տարիներուն ելոյթներ ունեցած է նախ Արեւելեան Ամերիկայի, ապա՝ Միացեալ Նահանգներու տարածքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Ան իր կնոջ՝ Պարպարայի հետ կազմած է «Ճան Չուքասեան Հայկական երաժշտական համոյթ»ը, հայկական ժողովրդային երգերը նոր սերունդներուն ծանօթացնելու նպատակով։
Ճան Չուքասեանի՝ «Հովիտի Երաժշտութեան Փառքի Սրահ»ի անդամակցութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, Roger Rocka’s Dinner & Show Theater-ի մէջ, 1226 Wishon Avenue Fresno, CA 93728 հասցէին։ Տեղեր ապահովելու համար դիմել (559) 266-9494 թիւին։
«Չուքասեան» համոյթը ծանօթ է աւանդական հայկական երգերով եւ հայկական ու արեւելեան Եւրոպայի պարեղանակներով հարստացուած ելոյթներով եւ ալպոմներով։
Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքը։