12 Սեպտեմբերի կէս գիշերին, Ատպէյճանի սանձազերծած յարձակման հետեւանքով զոհուած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, տասնութամեայ Սէրիոժա Ստեփանեանը։
Սէրիոժա Ստեփանեանը, Արարատի մարզի, Փոքր Վէտի համայնքէն էր։ Ան բանակ զօրակոչուած էր Յունուարին եւ կը ծառայէր Կապանի մէջ։ Սէրիոժան կ՚ուսանէր Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական համալսարանին մէջ։ Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած է 21 Սեպտեմբերին, ընտանեկան գերեզմանատան մէջ։
Յիշեցնենք, որ 12 Սեպտեմբերի կէս գիշերին, Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները սահմանի ամբողջ երկայնքով, մեծ տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով սկսած են բուռն կերպով կրակ բանալ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ կիրառելով նաեւ ԱԹՍ-ներ: Թշնամին հարուածած է թէ՛ ռազմական, թէ՛ քաղաքացիական թիրախներ։
Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդմամբ՝ 14 Սեպտեմբերի, իրիկուան ժամը ութէն սկսեալ կրակմար եղած է։
Վերջին տուեալով՝ զոհուածներու եւ անհետ կորածներու թիւը կը հասնի 207-ի, իսկ գերեվարուած զինուորականներուն թիւը՝ 20-ի։
Նիւթը ՝ news.am կայքէն։