image

«Դժուար կեանքս ու խաբուած սէրերս...» Մեծն Ազնաւուրն այսօր կը դառնար 100 տարեկան

«Դժուար կեանքս ու խաբուած սէրերս...» Մեծն Ազնաւուրն այսօր կը դառնար 100 տարեկան

«Դժուար կեանքս եւ խաբուած սէրերս են որ զիս դարձուցին ինչ որ կամ ու ես կը համարձակիմ ըսելու ,- թող ինքնագովութիւն չթուի,- կը հաւնիմ ինքզինքս»։ Ահաւասիկ առիթով մը այսպէս արտայայտուած էր աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր, որու երգերը մինչեւ այսօր կը ջերմացնեն մարդոց հոգին։

Եթէ ապրէր, այսօր իր հարիւրամեակը պիտի նշէր Շարլ Ազնաւուր։ Իր ծննդեան օրուայ առիթով, այսօր բազմաբնոյթ միջոցառումներ կան Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ. համերգ մը կը սարքուի Երեւանի մէջ, Քասքատի հրապարակի վրայ ¤Գաֆէսճեան քանդակներու պարտէզ_, «Ազնաւուր՝ ճանապարհորդութիւն ժամանակի ու երաժշտութեան մէջէն» խորագրով բեմադրութիւն մը պիտի ներկայացուի սենեկային երաժշտութեան տան մէջ, երգիչ-դերասան Հայկ Պետրոսեան որ երկար տարիներէ ի վեր կը մեկնաբանէ Ազնաւուրի երգերը, հանդէս կուգայ յատուկ երգացանկով մը։ Այս շաբաթավերջին եւս բազմաբովանդակ հանդիսութիւններ տեղի պիտի ունենան Շարլ Ազնաւուրի յիշատակը ոգեկոչելու նպատակով։ 

Շարլ Ազնաւուր, իր ընտանիքի նման ամրօրէն կապուած էր ազգային սովորութիւններուն, մայրենի լեզուին ու եկեղեցիին։ Մանուկ տարիքէն հետաքրքրութիւն ունէր արուեստի նկատմամբ։ Կը յաճախէր թատերական դպրոց, ծնողներուն օգնելու համար ելոյթներ կ'ունենար ներկայացումներու մէջ, կ'երգէր եկեղեցւոյ մէջ։ Յետոյ սկսաւ երգեր գրել իր ժամանակի հանրայայտ երգիչներու համար։ 1946ին Էտիթ Փիաֆի հետ ծանօթութիւնը ճակատագրական եղաւ Ազնաւուրի կեանքին մէջ. անոնք միասին համերգային շրջագայութիւններ ունեցան։ Ազնաւուր համընդհանուր համբաւի տիրացաւ 1959ին, Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ սարքուած մենահամերգէն ետք։ Երգեց աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն բեմերուն վրայ, համերգներով հանդէս եկաւ նաեւ Երեւանի մէջ։

Ազնաւուր գրի առած է աւելի քան 1000 երգ, իր սկառաւակները հրապարակուած են միլիոնաւոր օրինակներով, Ազնաւուրի բանաստեղծութիւնները թարգմանուած եւ լոյս տեսած են բազմաթիւ լեզուներով։ Ան իր երգերու լաւագոյն մեկնաբանն էր։

Ազնաւուր երգած է Լուչանօ Փաւարոթիի, Փլաչիտօ Տոմինկոյի, Լայզա Մինելիի, Միրէյ Մաթիոյի, Փաթրիսիա Քաասի, Խուլիօ Իկլասիասի եւ մեծանուն այլ երգիչներու հետ։ Դստեր՝ Սեդայի հետ մեկնաբանած է Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգը։

Ազնաւուր նկարահանուած է աւելի քան 60 շարժանկարներու մէջ, «Գլուխը՝ պատը» ժապաւէնի մէջ դերակատարութեան համար արժանի նկատուած է «Բիւրեղեայ աստղ» մրցանակին։ Ուշագրաւ է Ազնաւուրի դերակատարութիւնը Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնին մէջ։ 

1988ի երկրաշարժէն ետք բազմիցս հայաստան այցելած էր, Փարիզի մէջ հաստատած էր աղիտեալներու օգնութեան համար «Ազնաւուրը՝ Հայաստանին» հիմնադրամը, Ժորժ Կառվարենցի հետ միասին գրած էր «Քեզ համար Հայաստան» երգը, պատրաստած էր նաեւ տեսահոլովակ մը, Ֆրանսացի հանրայայտ 90 երգիրներու եւ դերասաններու մասնակցութեամբ։ 

Շարլ Ազնաւուր 1995է ի վեր Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով պատուակալ դեսպանն էր, Իւնէսքօ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն պատուիրակը։ 2009ին նշանակուած էր Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան՝ Զուիեցերիոյ մէջ։

Արժանացած էր Հայաստանի ազգային հերոսի կոչման, պարգեւատրուած էր մետայլներով, րանսայի պատուոյ լեգէոնի շքանշանով։ 2009ին Ազնաւուր ճանչցուած էր 20րդ դարու լաւագոյն երգիչ։

Ազնաւուրի անունով կոչուած են հրապարակ մը Երեւանի մէջ, Վաղարշապատի տրամաթիք թատրոնը, 2000ին հրապարակ մը բացուած է Կիւմրիի մէջ, Ազնաւուրի մոմէ արձանը 2004ին իր տեղը գտած է Մատամ Թիւսոյի թանգարանին մէջ։ 2009ին Երեւանի մէջ բացուած է Ազնաւուրի թանգարանը։

Շարլ Ազնաւուր մահացած է 1 Հոկտեմբեր 2018ին, աշխարհին թողլով երաժշտական հարուստ ժառանգութիւն մը։