Սէուտական Արաբիոյ արեւելքը գտնուող «Փրինս Սուլթան» օդային ռազմակայանին Իրանի հասցուցած հրթիռային հարուածին հետեւանքով վիրաւորուած է տասներկու ամերիկացի զինուորական, ուր տեղակայուած է ԱՄՆ զինուած ուժերու զօրախումբը։ Այս մասին կը հաղորդէ The Wall Street Journal թերթը՝ յղում կատարելով սէուտական եւ ամերիկեան պաշտօնեաներու։
«Ուրբաթ օր Սէուտական Արաբիոյ «Փրինս Սուլթան» օդային ռազմակայանին իրանական հարուածին հետեւանքով տասներկու ամերիկացի զինծառայող վիրաւորուած է։ Երկու զինծառայող ծանր վիրաւոր կը համարուի»,– նշուած է հրապարակման մէջ։
Պարբերականը նշած է, որ հարուածի պահուն զինուորները գտնուած են շէնքին մէջ։ Կը հաղորդուի նաեւ քանի մը լիցքաւորող ինքնաթիռներու վնասման մասին։
Յղում կատարելով երկու պաշտօնեաներու՝ Wall Street Journal-ը կը գրէ, որ հարուածի ընթացքին օգտագործուած է մէկ հրթիռ եւ քանի մը ԱԹՍ։
Օդային ռազմակայանը կը գտնուի ալ-Խարճ կեդրոնական նահանգին մէջ՝ Ռիատէն դէպի հարաւ-արեւելք։ Հոն կը տեղակայուի Սէուտական Արաբիոյ մէջ ԱՄՆ զինուած ուժերու հիմնական զօրախումբը։ Ան կը ծառայէ որպէս լոճիսթիք եւ գործառնական հանգոյց՝ տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան ռազմական կառոյցներուն համար։
Միեւնոյն ժամանակ, Իրանի զինուած ուժերու գնահատմամբ՝ Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան մէջ ԱՄՆ-ը կորսնցուցած է 600-էն մինչեւ 800 սպաննուած եւ մօտ 5,000 վիրաւոր։