Տասը տարի անց Neuralink չիբեր պիտի տեղադրուին միլիոնաւոր մարդոց ուղեղներուն մէջ։ Այս կարծիքը Իլոն Մասք յայտնած է X ընկերային ցանցի իր էջով։
Մասք նշած է, որ եթէ ամէն ինչ զարգանայ ըստ ծրագիրին, ապա առաջիկայ հինգ տարուան մէջ Neuralink-ը նախ պիտի տեղադրեն հարիւրաւոր, ապա քանի մը տասնեակ հազար, իսկ յետոյ՝ միլիոնաւոր օգտատէրեր։
Neuralink-ը չիբ է, որ կը տեղադրուի մարդու ուղեղին մէջ՝ թոյլ տալով, որ այն ուղղակիօրէն հաղորդակցի համակարգիչի կամ սմարթֆոնի հետ։ Այս չիբի տեղադրման առաջին վիրահատութիւնը տեղի ունեցած է յունուար 2024-ին, յատուկ ռոպոթի միջոցաւ։ Ռոպոթը վիրահատական ճանապարհով ուղեղ-համակարգիչ կապ տեղադրած է ուղեղի այն մասին մէջ, որ կը վերահսկէ մարմնի մասերու շարժումները:
Մարտ 2024-ին, Neuralink չիբով առաջին հիւանդը՝ Նոլան Արպօ, ցոյց տուած է, թէ ինչպէս կարելի է ճատրակ խաղալ՝ օգտագործելով միայն միտքի ուժը: Եօթ տարի առաջ Արպօ արկածի հետեւանքով անդամալոյծ դարձած էր։ 25 յունիսին Արպօ զեկուցեց, որ սարքի արդիւնաւէտութիւնը կը շարունակէ բարելաւուիլ, չնայած անոր ուղեղէն որոշ էլեկթրոտներ անջատուած են:
5 օգոստոսին, Մասք խօսած է Neuralink չիբով երկրորդ հիւանդի մասին՝ նշելով, որ այս մարդու ուղեղին մէջ կը գործէ 400 էլեկթրոտ։