«Տարածաշրջանային երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնն ու միջազգային սահմաններու անխախտելիութիւնը կարմիր գիծ են Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար»․ յայտարարած է Իրանի պաշտպանութեան նախարար Մոհամմատ Ռեզա Աշթիանին՝ իր ռուս գործընկեր Սերկէյ Շոյկուի հետ հանդիպման։
Երկու կողմի բարձրաստիճան պաշտօնեաները դէմ արտայայտուած են Հարաւային Կովկասի մէջ արտատարածաշրջանային երկիրներու ներկայութեան:
Իրանի պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ զարգացումներուն, խաղաղ ճանապարհով խնդիրներու լուծման արդիւնաւէտ միջոց համարած է տարածաշրջանային համագործակցութեան «3+3» ձեւաչափը, յայտնած է իրանեան Tasnim գործակալութիւնը:
Սերկէյ Շոյկուն կիսած է իր գործընկերոջ տեսակէտները եւ ընդգծած է տարածաշրջանային նախաձեռնութիւններու անհրաժեշտութիւնը՝ անոր մէջ ներգրաւուած պետութիւններու մասնակցութեամբ։ Սերկէյ Շոյկուն բարձր գնահատած է Իրանի դիրքորոշումը կովկասեան զարգացումներու վերաբերեալ: