ԱՄՆ սենատոր Լինտզի Կրէհըմ կը կարծէ, որ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ 2024 թուականին վերընտրուելու «բաւական լաւ հնարաւորութիւններ» ունի։
CNBC-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Կրէհըմ յայտարարած է, թէ ըսած է Թրամփին, որ ան կրնայ յաղթել 2024 թուականին եւ կատարել «ամերիկեան պատմութեան ամենամեծ քաղաքական վերադարձներէն մէկը»:
«Ես բառացիօրէն կ'ըսեմ ձեզի այն, ինչ ըսած եմ անոր՝ Եթէ դուք նորէն պարտուիք, պատմութիւնն այն մասին, թէ ով էք դուք եւ ինչ ըրած էք, կտրուկ կը փոխուի: Եթէ յաղթէք, այդ կ'ըլլայ ամենամեծ քաղաքական վերադարձներէն մէկը ամերիկեան պատմութեան մէջ»:
Կրէհըմ աւելցուցած է, որ Թրամփ կրնայ 2024 թուականը դիտարկել որպէս «նորէն սկսելու» հնարաւորութիւն, եւ ցոյց տալ ընտրողներուն, նոյնիսկ անոնց, որոնք զինք չեն սիրեր, որ որպէս նախագահ կրնայ որոշակի արդիւնքներու հասնիլ:
«Անոր խնդիրը անձնական բնոյթ կը կրէ»,-ըսած է Կրէհըմ Թրամփի մասին։ «Անոր քաղաքականութիւնն անցած է ժամանակի փորձութիւնը: Արդեօ՞ք ան յոգնեցուց ամերիկեան ժողովուրդը իր անհատականութեամբ: Ժամանակը ցոյց կու տայ».
Լինտզի Կրէհըմ ընդհանուր առմամբ աջակցած է Թրամփին Սպիտակ տունէն անոր հեռանալէն ետք։
Թրամփ եւ Ֆլորիտայի նահանգապետ Ռոն ՏեՍանթիսը ճանչցուած են 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութեան հանրապետականներու գլխաւոր յաւակնորդներ, թէեւ ոչ մէկը պաշտօնապէս յայտարարած է, որ պիտի մասնակցի մրցապայքարին: