«Երկու ամիս առաջ ես Իրանին 60-օրեայ վերջնագիր տուի՝ «գործարք կնքելու» համար։ Անոնք պէտք էր այդ ընդունէին։ Այսօր 61-րդ օրն է։ Ես անոնց ըսի, թէ ինչ պէտք է ընեն, բայց պարզապէս չկրցան ընել։ Հիմա , թերեւս, երկրորդ հնարաւորութիւն մը ունին», - գրած է ԱՄՆ նախագահը Truth Social ընկերային կայքին։
Նախորդող հրապարակման մեջ ԱՄՆ նախագահը գրած էր. «Ես Իրանին հնարաւորութիւն տուի գործարք կնքելու։ Ես անոնց ըսի, ամենայստակ խօսքերով, «պարզապէս ըրէ՛ք այդ: Ես անոնց ըսի, որ իրենց սպասածէն շատ աւելի վատ պիտի ըլլայ: Միացեալ Նահանգները, անկասկած, կ’արտադրէ աշխարհի լաւագոյն եւ ամենամահացու ռազմական արհեստագիտութիւնը, եւ որ Իսրայէլ անկէ շատ ունի եւ դեռ շատ աւելին կրնայ ունենալ։ Եւ անոնք գիտեն, թէ ինչպէս պիտի օգտագործեն զանոնք։ Որոշ իրանցի կոշտ գիծի կողմնակիցներ շատ համարձակ կը խօսէին, բայց չէին գիտեր, թէ ինչ պիտի պատահէր։ Այդ մարդիկ հիմա մահացած են, եւ իրավիճակը միայն աւելի պիտի վատթարանայ: Շատ մահեր ու աւերներ արդէն եղած են, բայց դեռ ժամանակ կայ այս կոտորածին վերջ մը տալու համար», - ըսած է Թրամփ:
Թրամփի խօսքով՝ յաջորդ՝ արդէն ծրագրուած յարձակումները պիտի ըլլան աւելի անգութ։
«Իրան պէտք է գործարք կնքէ, նախքան ոչինչ մնալը, եւ փրկէ այն, ինչ որ ժամանակին յայտնի էր որպէս Իրանեան կայսրութիւն։ Այլեւս ո՛չ մահ, ո՛չ աւեր, ՊԱՐԶԱՊէՍ ըրէք այդ, ՔԱՆԻ ԴԵՌ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ՈՒՇ ՉԷ։ Աստուած օրհնէ բոլորդ», - ըսած է ան:
Նշենք, որ 13 Յունիսի գիշերը Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է «Առիւծներու ազգ» գործողութեան մեկնարկին մասին, որուն նպատակն է վնաս հասցնել Իրանի միջուկային եւ հրթիռային ծրագիրներուն։ Որմէ ետք Իսլամական Հանրապետութեան շարք մը բնակավայրերու մէջ տեղակայուած նպատակակէտեր ենթարկուած են հարուածներու։
The New York Times-ի տուեալներով՝ իսրայէլեան ուժերը յարձակած են Թեհրանի շրջակայքը գտնուող վեց ռազմախարիսխներու վրայ։ Մինչդեռ Իրանի պետական IRNA գործակալութիւնը յայտնած է, որ Նաթանզ քաղաքի՝ աթոմային տարածքին մէջ, տեղի ունեցած է հուժկու պայթում։
Դէպքերու կապակցութեամբ Իրանի Գերագոյն առաջնորդ Ալի Խամենէին հանդէս եկած է ուղերձով մը՝ դիմելով քաղաքացիներուն։ Ան յայտարարած է, որ բանակին տուած է «գործելու ազատութիւն»՝ Իսրայէլի հարուածներուն պատասխանելու հարցով։