image

Տ. Խորէն Արք. ընդունած է ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը

 Տ. Խորէն Արք. ընդունած է ՀՕՄ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը

Նիկոսիոյ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ   Գերշ. Տ. Խորէն  արք. Տողրամաճեան   օրերս ընդունած է   ՀՕՄ-ի  Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը։

Այս մասին «Արեւելք»  իմացաւ  Առաջնորդարանի  Դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

 

Այսօր, Երեքշաբթի, 7 Յունիս 2022-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիկին Լիզա  Ճիլլիպէրթ Չալըգեանը, Կիպրոսի «Սօսէ» մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետուհին ու անդամները:

Բարի գալստեան խօսքերէ ետք,  Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական այցելութեան համար եւ մասնաւոր գնահատանքը, քաջալերանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՕՄի մեծ ընտանիքի բոլոր անդամներուն անխտիր, որոնք օրինակելի ծառայութեամբ կը կատարեն անանձնական առաքելութիւն: Տիկին Լիզա Չալըգեան իր կարգին հակիրճ կերպով անդրադարձաւ ցարդ կատարուած աշխատանքներուն, շեշտը դնելով եկեղեցւոյ, հայեցի կրթութեան ու  մարդասիրական հիմնական հարցերուն: