image
Հրատապ լուրեր:

Տ. Արամ արք. Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան 45 -ամեայ յոբելեանը. «ԺԱՄԱՆԱԿ» Օրաթերթի առաջնորդողը

Տ. Արամ արք. Աթէշեանի քահանայական ձեռնադրութեան 45 -ամեայ յոբելեանը. «ԺԱՄԱՆԱԿ» Օրաթերթի առաջնորդողը

Յոբելեանները, որքան ալ որ առաջին հերթին վերաբերին յոբելեարի անձին, կ՚ունենան նաեւ հաւաքական երեսակ մը։ Սա, անշուշտ, դարձեալ կախում ունի յոբելեարի անձէն եւ անոր գործունէութեան նշանակութենէն։ Թրքահայ իրականութեան մէջ ներկայիս կայ յատկանշական յոբելեան մը։ Այսպէս, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը նշէ իր քահանայական ձեռնադրութեան 45-ամեակը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս կապակցութեամբ քանի մը օրէ ի վեր համայնքային շրջանակներու ջերմ վերաբերմունքին առարկայ կը դառնայ, հոգեւոր եղբայրներն ալ ուրախակից կ՚ըլլան իրեն։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կեանքի ոդիսականը յատկանշական է՝ Փոքր Ասիոյ մեր երբեմնի հայաշատ գաւառներու բեկորներու՝ Հանրապետական շրջանի ճակատագրին առումով։ Սիլվանի մէջ լոյս աշխարհ եկած Արթինը թէեւ բոլոր պատճառները ունէր ուծացման հոսանքներէն տարուելու, սակայն, նախախնամութիւնը այնպէս մը տնօրինեց, որ ան կոչուեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորութեան։ Մինչեւ հոգեւոր ասպարէզ ընդգրկելը՝ ան նախ իր ծննդավայրէն Պոլիս հաստատուեցաւ, իսկ աւելի վերջ բռնեց սուրբ քաղաքի ճանապարհը։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքէն ներս անցուցած ուսանողութեան տարիները ներառեալ, արդէն 54 տարիէ ի վեր ան ծառայութիւն կը մատուցէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ։ Կէս դարէ աւելի ժամանակաշրջանի մը մասին է խօսքը, 45 տարին՝ որպէս ձեռնադրուած հոգեւորական։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան քաղաքիս մէջ այսօր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամն է։ Աւելի քան չորս տասնամեակ եկեղեցական անդաստանէ ներս անմնացորդ նուիրումով գործելէ վերջ, այսօր արդար ուրախութիւնն ու հպարտութիւնը կ՚ապրի՝ իր քահանայական ձեռնադրութեան 45-ամեակը թեւակոխած ըլլալու։ Հայ եկեղեցականի կոչումը բոլոր ժամանակներուն ծանր լուծ մը ենթադրած է՝ պայմանաւորուած տուեալ ժամանակաշրջանի հարցերով, հրամայականներով, առաջնահերթութիւններով, մարտահրաւէրներով եւ ձգտումներով։ Նորին Սրբազնութեան ալ բաժին վիճակած են մեր ժամանակներու խնդիրներէն բխած բազում դժուարութիւններ ու տակաւին ալ կը վիճակին՝ իր այս ամենահասուն շրջանին։

Բոլոր անոնք, որոնք կը ճանչնան Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը, գիտեն՝ թէ առերեւոյթ իր պարզած պատկերը շատ տարբեր է անոր խորքէն։ Արդարեւ, առաջին հայեացքով ան կը թուի ըլլալ շատ խիստ, անզիջող եւ չափազանց կտրուկ։ Մինչդեռ, իր հետ շփուելով շուտով կը պարզուի բուն դէմքը։ Ան չ՚ուզեր բոլորին անմիջապէս ցոյց տալ իր հայրական գուրգուրանքը՝ հակառակ, որ մեծ սէր կը տածէ բոլորին դէմ։ Ան ունի յարաբերութիւններ մշակելու, երկխօսութիւն հաստատելու կարողութիւն, որով հնարաւորութիւն կը ստեղծէ նոյնիսկ կնճռոտ խնդիրները քննարկել շինիչ մթնոլորտի մէջ, դրական ոգիով, մանաւանդ՝ փոխադարձ վստահութիւն ապահովելով։ Ան թէեւ եկեղեցւոյ շահուն պարագային անզիջող է, բայց ունի ճկունանալու կարողութիւն, որով իր դիմացինը շուտով կը հասկնայ, թէ որոշ սկզբունքներու հաւատարիմ մնալու պարագային համերաշխութեամբ կրնայ հարթուիլ ամէն ինչ։ Եւ ի վերջոյ, մեծ եկեղեցասէր մը ըլլալու առընթեր, ան նոյնքան ազգասէր է ու մարդասէր։ Իր ազգակիցը կը ջանայ խնայել, բայց այդ բանը երբեք չ՚ըներ ուրիշ ազգի, կրօնի կամ դաւանանքի պատկանողը անարդարութեան ենթարկելով։ Անկեղծ եւ արդարամիտ է բնաւորութեամբ, լաւ կը ճանչնայ նախ եւ առաջ ինքզինքը։ Ինքնավստահ է, բայց նաեւ լաւ կը հաշուարկէ սեփական կարողութիւնները։ Իր շուրջ խմբային աշխատանքի մթնոլորտ կը ստեղծէ, որպէսզի թէ՛ իր եւ թէ գործակիցներու ընդունակութիւններու համադրութիւնը ծառայեցնէ նպատակին, եկեղեցւոյ շահուն։ Ձախողումներու կամ անարդարութիւններու բախուելու ատեն գիտէ ըլլալ պաղարիւն, Աստուծոյ ապաւինութեամբ։ Համբերատար է եւ հանդուրժող, բոլորի նկատմամբ յարգալից ու նախանձախնդիր։

Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի մասին արտայայտուելու ժամանակ, անտարակոյս, անկարելի է զանց առնել այն շուրջ մէկ տասնամեակը, երբ ան պաշտօնավարեց՝ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ։ Երջանկայիշատակ պատրիարք հոգելոյս Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի անբուժելի հիւանդութիւնով ծնունդ առած փոթորկալի իրադրութեան մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան իրադարձութիւններու կիզակէտին յայտնուած էր։ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան մէջ աննախընթաց վիճակ մըն էր, թրքահայութեան Հանրապետական շրջանի ամենածանր տագնապներէն մին։ Այս շրջանը տակաւին պատմութեան հաշուեկշիռէն չէ անցած վերջնականօրէն, ուստի, խօսքը կը վերաբերի նիւթի մը, որ ունի շատ ենթակայական ծալքեր։ Անշուշտ, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այդ տարիներուն ամէն ինչը կատարեալ չէ ըրած՝ ինչպէս այդ տհաճ գործընթացի միւս բոլոր դերակատարները՝ առանց բացառութեան։ Իմաստ չունի մօտաւոր անցեալին վերադառնալ, բայց այդ տարիները Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի պարագային կրնան բնորոշուիլ գլխաւոր պարագայով մը։ Արդարեւ, իր համոզումին, իր համայնքին համար ճիշդ, Աթոռին տեսակէտէ նպատակայարմար գտածին համար ան պայքարած է յամառօրէն, շատ վճռակամ։ Տուեալ պահու պահանջին համար ոչինչ զլացած է, չէ տատամսած յարակից գործօններէ եւ Աթոռը, թէկուզ իր գիտցած ձեւով, խաղաղ նաւահանգիստ առաջնորդելու համար առած է քայլեր՝ նոյնիսկ ի հաշիւ սեփական ժողովրդականութեան ու համակրանքին։ Անկիւնադարձային պահերուն որդեգրած ամբոխավարութենէ հեռու կեցուածքով՝ Նորին Սրբազնութիւնը եղած է զոհողութեան կերպար մը։ Իր եռանդն ու տեսլականը կու գան համալրել այդ կերպարը։

Վստահաբար, յառաջիկային կ՚ըլլան յոբելեաններ, որոնք առիթ կը դառնան Նորին Սրբազնութեան գործունէութիւնը աւելի խորքային արժեւորելու։ Ապահովաբար, տակաւին կ՚ըլլան առիթներ՝ այս համայնքին համար իր ներդրած վաստակը լիակատար գնահատելու։ Ան այդ բարդ տասնամեակին պատասխանատուութեան ծանրութեան տակ երբեք չէր ընկճուած ու միշտ կ՚ապաւինէր նա՛խ Տիրոջ եւ յետոյ իր համագործակցած նախկին երեք երանաշնորհ պատրիարքներու յիշատակի մատնանշած ուղիին։ Իր դատողութեան եւ գործելաոճին համար ընտրած էր այդ յարացոյցները։ Մնացեալը պիտի դատէ պատմութիւնը, ուր վստահաբար Նորին Սրբազնութիւնը առանձնայատուկ տեղ մը ապահոված է վաղուց։

Քահանայական ձեռնադրութեան 45-ամեակին առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը, որուն անկեղծօրէն կը մաղթենք արեւշատութիւն եւ Աստուծոյ ծառայութեան ճանապարհին բազում տարիներ։