image

Սելահէլտին Տեմիրթաշ 42 տարուան ազատազրկման դատապարտուեցաւ

Սելահէլտին Տեմիրթաշ 42 տարուան ազատազրկման դատապարտուեցաւ

Թուրքիոյ մէջ դատարանը քրտամէտ Ժողովրդադեմոկրատական կուսակցութեան նախկին առաջնորդ Սելահէտին Տեմիրթաշը դատապարտած է 42 տարուան ազատազրկման՝ 2014 թուականի հոկտեմբեր 6-8-ը երկրի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու հետաքննութեան շրջանածիրէն ներս։

Այս մասին յայտնած է dw.com-ը:

Հետաքննութեան տուեալներով՝ Տեմիրթաշի կոչով Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան կողմնակիցները բռնարարքներ կատարած են Թուրքիոյ 35 նահանգի մէջ, այդ շարքին՝ Իսթանպուլ, Անգարա, Պուրսա եւ Տիարպէքիր քաղաքներու մէջ, որու հետեւանքով զոհուած է 37 մարդ, հարիւրաւոր մարդիկ վիրաւորուած են։

Տեմիրթաշը բանտը կը գտնուի 2016 թուականի նոյեմբերէն՝ ահաբեկչութեան հետ կապուած մեղադրանքներով։ Ան կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ ամենաազդեցիկ քաղաքական գործիչներէն մէկը: 

Գործակալութիւնը նշած է, որ 2014 թուականին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած մահացու ելքով անկարգութիւնները Թուրքիոյ քրտամէտ առաջնորդներու կոչի հետեւանքն էին, որոնք հիասթափուած էին Սուրիոյ սահմանամերձ Քոպանի քաղաքը պաշարած «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման զինեալներուն թրքական աջակցութենէն: