Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Սփիւռքի մէջ ամենաերկարակեաց միութենական-կուսակցական անդամուհի հանդիսացող եւ այս տարի իր ծննդեան հարիւրամեակը նշող՝ Տիկն. Մաքրուհի Թաթուլեան-Խաչատուրեանը։
Կը նշուի, որ հանգուցեալը իր գիտակցական ողջ կեանքի տեւողութեան ընթացքին եղած է խիզախ կուսակցական ու միշտ ալ վեր պահած է ՍԴՀԿ-ի դրօշն ու այդ կուսակցութեան ճանապարհով հայ ժողովուրդին ծառայելու վսեմական ուխտը։
Հանգուցեալին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւններ քաղեց Պէյրութի ՍԴՀԿ օրկան՝ «Արարատ»էն, որ մասնաւորապէս այս առթիւ գրած էր ՝
Սրտի խոր ցաւով կը գուժենք Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան գաղափարական եւ վեթերան Ընկ.հի ՄԱՔՐՈՒՀԻ ԹԱԹՈՒԼԵԱՆ-ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 15 Մայիս 2024-ին: Ընկ.հի Մաքրուհի Խաչատուրեան ծնած է 1924 թուականին, պատանի տարիքէն անդամակցած է Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան շարքերուն եւ եղած է գործունեայ անդամ, ստանձնելով բազմաթիւ պաշտօններ: Հանգուցեալը իր բոլոր կեանքի ընթացքին միշտ բարձր պահած է կուսակցական եւ գաղափարական վեհ սկզբունքները, անշահախնդրօրէն եւ ամբողջական նուիրուածութեամբ ծառայելով կուսակցական գործունէութեանց: Ընկ.հի Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեանը որպէս հայ կին, հայ ուսուցիչ, դաստիարակ ու գաղափարական իր բազմամեայ գործունէութեան համար արժանացած է գնահատանքի ու մեծարանքի: