Պաղեստինեան «Համաս» շարժման մարտական թեւը յայտարարած է, որ Ռաֆահ քաղաքի մօտակայքը իր մարտիկներու յարձակման հետեւանքով սպանուած է 15 իսրայէլացի զինծառայող:
Նշուած է, որ զինեալները պայթեցուցած են իսրայէլացի զինուորականներու տեղակայման շէնքը, ապա մարտի մէջ մտած անոնց հետ: Ըստ տեղեկութեան՝ յարձակումը տեղի ունեցած է Էտա Նուր շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Ռաֆահէն արեւելք։
Իսրայէլի բանակը պաշտօնապէս չի մեկնաբանած տեղեկութիւնը: