image

Մոնթրէալի մէջ. Համերգ նուիրուած՝ Թեմակալ Առաջնորդի քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին (Լուսանկար)

Մոնթրէալի մէջ. Համերգ նուիրուած՝ Թեմակալ Առաջնորդի քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին (Լուսանկար)

«Արեւելք» աւելի վաղ տեղեկագրած էր Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած համերգի մը մասին, որ նուիրուած էր Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն արք.ի քահանայական ձեռնադրութեան 40-ամեակին։

Օրերս նոյն համերգը կրկնուած է այս անգամ Թեմի կեդրոնատեղի քաղաք՝ Մոնթրէալի մէջ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին Թեմի պաշտօնական էջին վրայ տեղ գտած լրատւութիւնը, ամենալաւն ու բարին ինչպէս նաեւ Քրիստոսաւանդ երկարակեաց առաջնորդական օրեր մաղթելով մեզի համար ալ սիրելի սրբազանին։

Կիրակի, 7 Ապրիլ 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը կազմակերպած էր Նաղաշ Անսամպլի ելոյթը՝ այս անգամ Մոնթրէալի Salle Pierre-Peladeau-ի սրահին մէջ, ուր երկրորդ անգամ ըլլալով հրամցուեցաւ միջնադարեան տաղերգու, եպիսկոպոս եւ Տիգրանակերտի Հոգեւոր Առաջնորդ, Մկրտիչ Նաղաշի տաղերը, երաժշտական յօրինումով արուեստագէտ՝ Ճան Հոտեանի։

Ճան Հոտեան ճանչցուած երաժիշտ ու երգահան է եւ իր յօրինած երգերն ու երաժշտութիւնը հարստացուցած են տարբեր միջազգային ֆիլմեր։ 2014-էն ի վեր, Նաղաշ Անսամպլը ելոյթներ ունեցած է եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Ֆրանսայի, Պէլճիքայի, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Զուիցերիոյ, Իտալիոյ եւ այլ երկիրներ։

Այս առիթով, մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեցնք Տիար Մանուկ Չուխաճեանին եւ «Չուխաճեան Ընտանեկան Հիմնդրամ»-ին, զոյգ ձեռնարկներու նախագահութեան համար եւ $25,000-ի ազնիւ նուիրատուութեան, որ պիտի սատարէ Ազգային Առաջնորդարանի ծրագիրներուն։

Նշենք, որ զոյգ ձեռնարկները ձօնուած էին Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակին։

40 տարիներու ծառայական վաստակով ու հոգեւոր կեանքի յանձնառութեամբ, Սրբազան Հայրը միշտ ճաճանչող պահեց քրիստոնէական հաւատքի եւ ազգային ինքնութեան ռահացոյց լոյսը: 

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս իր առաքելութեան քառասնամեայ ճանապարհը լի է ազգին անսակարկ նուիրումով, ամբողջական ծառայութեամբ, եկեղեցանուէր ու հայրենանուէր գործունէութեամբ։