image

Փարիզի մէջ Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած յուշատախտակ բացուած է (Լուսանկարներ)

Փարիզի մէջ Շառլ Ազնաւուրին նուիրուած յուշատախտակ բացուած է (Լուսանկարներ)

Շառլ Ազնաւուրի հարիւրամեակի առթիւ, մայիս 16-ին, Փարիզի 9-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է մեծ արուստագէտի եւ մարդասէրի յիշատակին նուիրուած յուշատախտակի բացման արարողութիւնը։

Արարողութիւնը տեղի ունեցած է Փարիզի 9-րդ շրջանի քաղաքապետ տիկին Տելֆին Պիւրքլիի եւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան տիկին Յասմիկ Տոլմաճեանի ներկայութեամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազնաւուր» հիմնադրամը:

Ազնաւուրեաններու ընտանիքը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ապրած է Նաւարէն 22 փողոցին վրայ եւ իրենց բնակարանին մէջ պատսպարած Մելինէ եւ Միսաք Մանուշեանները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան այլ մարտիկներ: 

Շառլ Ազնաւուրն շատ լաւ գիտէր թաղամասի իւրաքանչիւր փողոց, իւրաքանչիւր անկիւն, իրեն համար թանկ էր այստեղ: Իր ողջ կեանքի ընթացքին ան խորապէս կապուած էր 9-րդ թաղամասի հետ՝ Նաւարէն փողոցին մէջ ապրելու տարիներէն մինչեւ «Ողիմպիա» համերգասրահին մէջ փառահեղ ելոյթներու եւ Ռոսինի փողոցին մէջ գտնուող իր գրասենեակներու ժամանակներ։ Սա վայր մըն է, ուր Ազնաւուր ինքզինք կը զգար տան մէջ։