Մութը կոխած էր, այգին հասած էի: Երկայնահասակ, շնորհալի տիկին մը ելաւ դէմս, բարեւեցի. «Հրամմեցէք, պարոն» ըսելով զիս հրաւիրեց իջնել:
«Պարոն այսինչը տեսնել կ՚ուզեմ», ըսի, նոր անունը տալով:
«Այգին է, հիմա կու գայ»,- պատասխանեց: Նոյն վայրկեանին դիմացէն երեւցաւ մեր գոլէճին անձնասպանը: Քանի մը վայրկեան նայեցաւ, վերէն վար քննեց զիս, ճանչցաւ. «Վար իջիր, տոքթոր» ըսելով վրաս նետուեցաւ:
Երկրորդ անգամ յարութիւն կ՚առնէր, այս անգամ՝ ուրիշ անունով:
Այն իրիկունը, երբ սեղանին շուրջ նստած էինք, իր տիկնոջ դառնալով ըսաւ. «Կը յիշե՞ս քեզի գոլէճի կեանքէս դէպք մը պատմեր էի, ահա այս մարդն է, որ պատճառ եղաւ իմ ապրելուս»:
Այս պատմութիւնը կ՚ապացուցէ նախ որ անձնասպանութիւնը ի՛նչ խենթութիւն է, տեսակ մը պարտութիւն եւ վախկոտութիւն է կեանքի պայքարին մէջ: Երկրորդ, թէ բժշկական գիտութիւնը ի՛նչ հրաշքներ գործելու կարող է, եթէ շիտակ գործադրուի, եւ ի՛նչ մեծ տարբերութիւն կայ բժիշկի մը եւ ուրիշ բժիշկի մը միջեւ:
1915 թուականի ապրիլի 24-ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած հայ մտաւորականութեան խումբին մէջ կը գտնուէր տքթ. Աւետիս Նագգաշեան, որ նշանակալի կեանք ունեցած է թէ՛ Պոլիս, թէ՛ արտասահման:
Ան ծնած է 1868 թուականին՝ Հալէպի նահանգի Այնթապի գաւառի նոյնանուն գաւառակի կեդրոն Այնթապ քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է «Ասատուր խալֆայի դպրոց»էն ներս։ 1887 թուականին աւարտած է ամերիկացի միսիոնարներու Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը։ 1888-89 թուականներուն ուսանած է Այնթապի բժշկական վարժարանին մէջ, փակուելուն պատճառով ուսումը կիսատ ձգած է։
1889-90 թուականներուն, բժիշկ Ալթունեանի օգնական աշխատած է։ 1890-94 թուականներուն ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինը եւ ստացած բժշկի վկայական։ 1895 թուականի դէպքերու ժամանակ գտնուած է Մարաշի մէջ եւ շահելով տեղի կառավարչի ու զինուորական հրամանատարութեան համակրանքը, անոնց աջակցութեամբ արտասահման փախած է:
1896 թուականին մեկնած է Փարիզ եւ ինն ամիս մնացած այնտեղ, այնուհետեւ անցած է Լոնտոն, ապա՝ Պերլին եւ այդ քաղաքներու հիւանդանոցներուն մէջ աշխատած։ Որոշ ժամանակ անց վերադարձած է Ատանա։ Ամրան ամիսներուն մեծ յաջողութեամբ աշխատած է Անատոլուի զանազան վայրերու մէջ։ Քանի մը տարի անց հաստատուած է Պոլիս: Բացի բժշկական եւ հասարակական աշխատանքէն, զբաղած է նաեւ գրական-հրապարակախօսական գործունէութեամբ։ Եղած է Պոլսոյ՝ հայատառ թրքերէնով հրատարակուող «Րահնիւմա» շաբաթաթերթի սիրուած աշխատակիցներէն մէկը, ընթերցողները հաճոյքով կը կարդային զաւեշտներով համեմուած անոր գրուածքները։ Երգիծական գրութիւններով թղթակցած է նաեւ Պոլսոյ «Աւետաբեր»ին եւ այլ պարբերականներու։ Այդ բոլորին լաւագոյնները ամփոփուած են «Սէյեահաթ խաթըրէլերի» («Ճանապարհորդական յուշեր») հայատառ թրքերէն հատորին մէջ։
1913 թուականին «Աւետաբեր» թերթի խմբագրապետ պատուելի Գրիգորեանի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած ճամբորդութեան ժամանակ անոր փոխարինած է։ Եղած է եռանդուն հանրային եւ ազգային գործիչ։ Պոլսոյ մէջ ապրած է Կոմիտաս Վարդապետի եւ ԱՄՆ-ի դեսպան՝ Հենրի Մորկընթաուի հարեւանութեամբ։
1915 թուականին ձերբակալուած է, բազմաթիւ հայ մտաւորականներու հետ շոգեկառքով տեղափոխուած է Այաշ աւանի ծայրամասի բլուրի վրայ գտնուող «Սարըքըշլա» հին զօրանոց-բանտը եւ ամիսներ բանտարկուած մնացած է այնտեղ։ Որոշ ժամանակ յետոյ դեսպան Մորկընթաուի միջնորդութեամբ ազատուած է բանտէն եւ վերադարձած Պոլիս։
1922 թուականին մեկնած է Եգիպտոս, բնակած է Ալեքսանդրիոյ մէջ։ 1924 թուականին հաստատուած է ԱՄՆ։
Այստեղ հիմնած է դարմանատուն, բժիշկի գործին զուգահեռ թղթակցած է մամուլին, արդէն ամերիկա-հայկական՝ «Հայաստանի կոչնակ», «Հայրենիք», «Պայքար» թերթերուն:
Հայկական եւ ամերիկեան մամլոյ մէջ տպագրած է երգիծական գործեր։ Հայերէն գործերու մէկ մասը հրատարակած է «Զուարթ պատմութիւններ» ժողովածոյին մէջ։ Յետագային, յուշեր գրած է Չանղըրըի եւ Այաշի օրերու մասին, որոնք նոյնպէս տպուած են:
Մահացած է 1943 թուականին՝ 75 տարեկան հասակին։
Դուստրը՝ Ֆիլիրա Նագգաշեան, բնակած է Ալեքսանդրիոյ մէջ եւ իր մօտ պահած հօր օրագիրը։
Ծնունդով այնթապցի բժիշկը հիմնականը կը բնակէր եւ կ՚աշխատէր Ատանա, սակայն անոր բժշկական գործունէութիւնը յաճախ նաեւ դուրսը կ՚ըլլար: Զատ հատորով հրատարակած է իր կեանքի մասին գիրք մը (1931, Նիւ Եորք), որուն մէջ շարադրած է նաեւ բժիշկին կեանքէն դրուատալի պատմութիւններ: Ներկայացուող պատմութիւնը ատոնցմէ մէկն է:
ԳՈԼԷՃԻ ԿԵԱՆՔԷՆ ՄԵՌԵԼ ՄԸ, ՈՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՒ
ԱՒԵՏԻՍ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Հեքիաթ մը չէ, որ պիտի գրեմ, ոչ ալ Քրիստոսի հրաշքներէն մէկը, այլ իրական դէպքի մը պատմութիւնն է, որ պատահեցաւ քառասուն տարի առաջ՝ Այնթապի գոլէճին մէջ, որ տարօրինակ եւ հետաքրքրական է բժշկական եւ ընկերային տեսակէտներով: Ինչպէս երիտասարդ մը անձնասպանութեան համար թոյն խմեր էր, եւ ինչպէ՛ս երկու երեւելի բժիշկներու կողմէ քննուելով վճռուեցաւ, թէ մեռած է, բայց ապրեցաւ:
Այն ատեն 18-19 տարեկան ուսանող էի գոլէճին մէջ: Ընկերներուս մէջ մէկը կար, որ երկայնահասակ, աղուոր դէմքով, յեղափոխական գաղափարներով տոգորուած աշխոյժ եւ վառվռուն երիտասարդ մըն էր: Կանոնաւոր դասերէն զատ շատ մը վէպեր եւ յեղափոխական գիրքեր կը կարդար, մեզի ալ կու տար որ կարդանք: Ինքը գոլէճի գիշերօթիկ էր, իսկ ես իրիկունները քաղաքը մեր տունը կ՚երթայի:
Շաբաթ մը սկսաւ դասերը չշարունակել, սենեակէն դուրս չէր ելլեր, միշտ տխուր եւ մելամաղձոտ էր: Երբ պատճառը կը հարցնէի, կը պատասխանէր, թէ հիւանդ է, թէեւ ես չէի հաւատար ու կը մտածէի, թէ սիրային խնդիր մըն էր պատճառը, որովհետեւ այն օրերը օրիորդ մը ուրիշի հետ նշանուեցաւ, որուն հետ սերտ յարաբերութիւն ունէր ինքը: Յուսահատած կամ լքուած սիրահարի մը երեւոյթը ունէր:
Իրիկուն մը քաղաքը իմ տունս երթալու ատեն իրեն հանդիպեցայ, քիչ մը խօսակցեցանք, բայց այն օրը աւելի տխուր էր եւ բաժնուելու ատեն ետեւէս եկաւ, երկու անգամ ձեռքս սեղմելով ատիյօ ըսաւ նշանակալից նայուածքով մը: Այս երեւոյթը իմ վրաս այնպիսի տպաւորութիւն մը գործեց, որ այն գիշեր չկրցայ քնանալ: Մտքէս չէի կրնար հեռացնել այն կասկածը, որ անիկա անձնասպանութեան պիտի դիմէր, թէպէտեւ որոշ չէի գիտեր բուն խնդիրը:
Հետեւեալ առաւօտ ժամը ութին դպրոց հասայ եւ դասարան երթալու տեղ ուղղակի իր սենեակը գացի, դուռը զարկի, պատասխան չեկաւ: Դուռը բացի, ներս մտայ: Ինքզինքս ահռելի տեսարանի մը առջեւ գտայ: Տղան աթոռի մը վրայ նստած, ձախ թեւը ուրիշ աթոռի մը վրայ դրած էր, գլուխը կրծքին վրայ ինկած, բերնին թուքը՝ մէկ ծայրը գետին հասած, իսկ միւս ծայրը բերանը, փայլուն թելի մը պէս կախուած մնացած էր: Գոյնը ածուխի պէս սեփ սեւ դարձած, անշարժ եւ անշունչ մնացած էր: Անունը պոռացի, ուսերը բռնելով շարժեցի, արթնցնել աշխատեցայ, բայց ի զուր: Ոեւէ կեանքի նշան չկար վրան: Անմիջապէս հասկցայ, թէ կասկածս իրականութեան փոխուած էր, ինքզինքը թունաւորած էր: Ահ ու սարսափի մատնուեցայ, ինքզինքս մինակ գտնելով ահազդու դէմքով մեռելի մը հետ:
Բան մը ընելու էի, այն ատեն բժշկութեան վրայ գաղափար չունէի եւ տքթ. Շէփըրտը մէկ մղոն հեռու հիւանդանոցն էր: Ուրիշ բժիշկ մը կը բնակէր գոլէճի բակին մէջ, հոն վազեցի շունչս կտրած: Բժիշկին օձիքէն բռնեցի. «Աճապարեցէ՛ք, մահ կայ» պոռալով վազցուցի: Բարեբախտաբար ճամբան ուրիշ տղու մը հանդիպեցայ եւ «Գարեգի՛ն շուտ վազէ տքթ. Շէփըրտը հոս հասցուր, մեռել մը կայ» ըսի: Տղան ոտնամանները հանեց, սկսաւ վազել դէպի հիւանդանոց:
Բժիշկը սենեակէն ներս մտաւ, տղուն բազկերակը բռնեց, սիրտը մտիկ ըրաւ. «Մեռած է» վճիռը տուաւ: «Կ՚աղաչեմ, տոքթոր, զիս հիմա մի՛ հարցաքննէք, այս տղան թոյն խմեր է, կարելի է ուշ չէ, ազատեցէք», ըսի հարցուփորձի վտանգը աչքի առնելով: Բժիշկը տղուն վրայ աշխատելու տեղ սկսաւ ինծի հարցումներ ուղղել եւ ասդին անդին նայիլ՝ թոյնը գտնելու համար, կարծես թէ ընդհանուր դատախազը եղած ըլլար: Քիչ մը վերջ ելաւ գնաց, զիս մինակ թողելով մեռելին հետ: Կու լայի, կը վախնայի, շուարած, խուճապի մատնուած վիճակի մը մէջ էի: Համարձակութիւնս ժողվեցի, մեռելը գրկեցի եւ անկողինին վրայ նետեցի, այն պահուն կոկորդէն ձայն մը ելաւ, գլուխը շտկելուն պատճառով կոկորդէն ներս օդ մտած էր եւ այդ ձայնը հանած էր, բայց այդ ձայնը ինծի ներշնչում մը եղաւ եւ սկսայ փորին կուրծքին վրայ երկու ձեռքովս կոխել ու վերցնել. ամէն կոխելուս ձայն մը կ՚ելլէր կոկորդէն:
Ժամը իննին մօտ էր, դուռը բացուեցաւ եւ տքթ. Շէփըրտ ներս մտաւ. նորէն յոյս առի, կարծես Աստուած մըն էր ան հոն: Բժիշկը ուղղակի մեռելին քով վազելով գլուխը կուրծքին վրայ դրաւ եւ շտկելով «He is dead» (մեռած է) մռլտաց: Ա՛լ բոլոր յոյսս կտրեցաւ. այս բժիշկին վրայ ամենամեծ վստահութիւնը ունէինք: Լալով ըսի. «Բժիշկ, ես գիտեմ այս տղան թոյն խմած է եւ դեռ մարմինը պաղ չէ, ազատեցէք»: Բժիշկը ինծի դարձաւ եւ հարցուց. «Վստա՞հ ես»: «Այո», պատասխանեցի եւ իր վերարկուն մէկ կողմ նետելով վայրկենապէս մեռելին վրայ ցատկեց, երկու թեւերը բռնեց, սկսաւ կուրծքին վրայ կոխել եւ դէպի վար տանիլ, եւ այսպէս շարունակել: Արհեստական շնչառութեան գործողութիւնը կը կատարէր:
«Շուտ, հասէք Փրոֆ. Պէզճեանի, զուտ եւ մաքուր թթուածին (օքսիճին) թող պատրաստէ եւ հոս բերէ», հրամայեց՝ գործը շարունակելով: Կայծակի պէս վազեցի, լուրը հաղորդեցի եւ ետ դարձայ:
«Հասէ՛ք հիւանդանոց, ելեկտրական պաթէրիան, գրեխը եւ դեղերը թող առնեն եւ գան»,- եղաւ երկրորդ հրամանը, առանց վայրկեան մը դադրեցնելու գործը: Մինչեւ այն ատեն ուրիշ տղաք ալ հասեր էին, վազեցին հիւանդանոց:
Կէս ժամ չանցած հրաշալի տեսարան մը պարզուեցաւ սենեակին մէջ: Տքթ. Շէփըրտ ճակատէն քրտինքներ վազելով շնչառութիւն տալու գործը կը շարունակէր, մէկը ելեկտրական հոսանքներ կու տար, ուրիշ մը ասեղով սիրտը շարժելիք դեղեր կը ներարկէր եւ օդի տեղ թթուածին կու տային բերնէն, իսկ մենք, քանի մը տղաք, թեւերը եւ ոտքերը կը շփէինք դէպի վեր, արիւնը շրջան ընել տալու համար:
Այս գործողութիւնները շարունակուեցան մինչեւ ժամը տասն ու կէս, երբ մեռելը առաջին անգամ ոտքը շարժեց: Տքթ. Շէփըրտ ականջը սրտին վրայ դրաւ եւ կէս վայրկեան վերջ պոռաց. «Կեանք կ՚առնէ կոր»: Ամէնքս ալ ծափահարեցինք: Իմ աչքերէս ուրախութեան արցունքներ կը վազէին: Գործողութիւնները շարունակուեցան: Տքթ. Շէփըրտ զօրավարի մը պէս հրամաններ կ՚արձակէր եւ կը գործէր անդադար:
Ժամը տասնմէկին անձնասպանը աչքերը բացաւ եւ առաջին խօսքը եղաւ. «Հանգիստ թողէք զիս» եւ սկսաւ ճանչնալ մեզմէ ոմանք: Քիչ մըն ալ շարունակեցինք, ա՛լ սկսաւ սիրտը գործել եւ վայրկեանը չորս-հինգ անգամ շնչառութիւն ունենալ:
Չմոռնամ ըսելու, թէ առաջին վայրկեանէն գիտակից էի, թէ ինքզինքս ի՛նչ մեծ վտանգի կ՚ենթարկէի յայտարարելով, թէ թունաւորուած է եւ ես գիտեմ: Հաշիւ ըրի թէ նամակ մը գրած ըլլալու է եւ բարձին տակէն նամակը գտայ, զոր տքթ. Շէփըրտ առաւ ձեռքէն, երբ ես կը պոռայի. «Ահա ապացոյցը, ես ազատուեցայ»:
Ժամը 12-ին զիս եւ քանի մը ընկերներ հիւանդին քով թողուցին որ մինչեւ հետեւեալ առաւօտ արթուն պահէինք: Հաւատարմաբար կատարեցինք այս հրամանը: Տղան առողջացաւ, Այնթապէն բաժնուեցաւ գնաց, յետոյ լսեցինք թէ մեռած է:
Տասնվեց տարի վերջ, երբ ես բժիշկ էի Անատոլուի մէջ, քաղաք մը գացած էի ամառը անցընելու համար: Իրիկունները հինգ մղոն հեռու հայ գիւղ մը գիշերելու կ՚երթայինք ձիով, ուրիշ բժիշկի մը հետ: Իրիկուն մը, երբ նորէն կ՚երթայինք, խօսակցութեան ընթացքին ինծի ընկերացող բժիշկին ըսի թէ ես գոլէճին մէջ ընկեր մը ունէի, որ մեռած է, երանի թէ ողջ ըլլար, որչափ ուրախ պիտի ըլլայինք զիրար տեսնելով: Բժիշկը հարցուց թէ ո՞վ էր եւ ինչպիսի՞ երիտասարդ էր: Անունը յիշեցի եւ ճշգրիտ նկարագրութիւնն ըրի:
-Այդ նկարագրած պարոնդ այսինչը ըլլալու է, բայց անունը տարբեր է, այնինչ է,- պատասխանեց:
-Ո՞ւր է, ի՞նչ գործով կը զբաղի,- հարցուցի:
-Այսինչ հաստատութեան տնօրէնն է, կինը պոլսեցի է, շատ զարգացած կին մը, մանչ եւ աղջիկ զաւակներ ունի, հիմա սա դիմացի լերան վրայ այնինչին ամարանոց գացեր է:
Անմիջապէս ձին դարձուցի դէպի այն լեռը: Բժիշկը «Ո՞ւր կ՚երթաս, իրիկուն է, մէկուկէս ժամուայ ճամբայ է», կը պոռար. ձիս արդէն կը սուրար հովի պէս:
Մութը կոխած էր, այգին հասած էի: Երկայնահասակ, շնորհալի տիկին մը ելաւ դէմս, բարեւեցի. «Հրամմեցէք, պարոն» ըսելով զիս հրաւիրեց իջնել:
«Պարոն այսինչը տեսնել կ՚ուզեմ», ըսի, նոր անունը տալով:
«Այգին է, հիմա կու գայ»,- պատասխանեց: Նոյն վայրկեանին դիմացէն երեւցաւ մեր գոլէճին անձնասպանը: Քանի մը վայրկեան նայեցաւ, վերէն վար քննեց զիս, ճանչցաւ. «Վար իջիր, տոքթոր» ըսելով վրաս նետուեցաւ:
Երկրորդ անգամ յարութիւն կ՚առնէր, այս անգամ՝ ուրիշ անունով:
Այն իրիկունը, երբ սեղանին շուրջ նստած էինք, իր տիկնոջ դառնալով ըսաւ. «Կը յիշե՞ս քեզի գոլէճի կեանքէս դէպք մը պատմեր էի, ահա այս մարդն է, որ պատճառ եղաւ իմ ապրելուս»:
Այս պատմութիւնը կ՚ապացուցէ նախ որ անձնասպանութիւնը ի՛նչ խենթութիւն է, տեսակ մը պարտութիւն եւ վախկոտութիւն է կեանքի պայքարին մէջ: Երկրորդ, թէ բժշկական գիտութիւնը ի՛նչ հրաշքներ գործելու կարող է, եթէ շիտակ գործադրուի, եւ ի՛նչ մեծ տարբերութիւն կայ բժիշկի մը եւ ուրիշ բժիշկի մը միջեւ:
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս