image

«Թուրքիայէն կ՚ակնկալենք հաւասարակշռուած դիրքորոշում». Փաշինեան հարցազրոյց տուած է յունական Kathimerini օրաթերթին

«Թուրքիայէն կ՚ակնկալենք հաւասարակշռուած դիրքորոշում». Փաշինեան հարցազրոյց տուած է յունական Kathimerini օրաթերթին

Հայաստանը կ՚ակնկալէ, որ Թուրքիոյ հռետորաբանութիւնը նպատակաուղղուած չըլլայ տարածաշրջանային լարուածութեան աւելացման, այլ կը նպաստէ տարածաշրջանին մէջ երկխօսութեան ու համագործակցութեան խթանման. այս մասին յունական Еkathimerini պարբերականի հետ զրոյցին ըսած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Թուրքիան տարածաշրջանային դերակատար է, եւ բնական է ակնկալել, որ այն պէտք է հաւասարակշռուած դիրքորոշում ունենայ տարածաշրջանի տարբեր զարգացումների վերաբերեալ: Պակաս ուշադրութիւն չի դարձւում Թուրքիայի պաշտօնական հռետորաբանութեանը, որը կարող է ե՛ւ խթանել, ե՛ւ վտանգել մի շարք գործընթացներ։ Հայաստանը միւս կողմից ակնկալում է, որ Թուրքիայի հռետորաբանութիւնը նպատակաուղղուած չի լինի տարածաշրջանային լարուածութեան աւելացմանը, այլ կը նպաստի տարածաշրջանում երկխօսութեան ու համագործակցութեան խթանմանը։

Ինչպէս տեղեակ էք, Հայաստանն ու Թուրքիան սկսել են յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթաց, որն ուղղուած է յարաբերութիւնների ամբողջական կարգաւորմանը, երկրների միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատմանը, միջպետական սահմանի ամբողջական բացմանը: Այս գործընթացի շրջանակներում պայմանաւորուածութիւն է ձեռքբերուել երրորդ երկրների քաղաքացիների եւ դիւանագիտական անձնագիր ունեցող անձանց համար բացել Հայաստան-Թուրքիա ցամաքային սահմանը: Մենք իրապէս հաւատում ենք, որ այս պայմանաւորուածութեան իրականացումը նոյնպէս դրական ազդեցութիւն կ՚ունենայ տարածաշրջանային դինամիկայի վրայ», -ըսած է Փաշինեանը։

Ըստ անոր՝ Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող զարգացումներն ալ եւս մէկ անգամ կը փաստեն, որ հնարաւոր է յաղթահարել տարաձայնութիւնները եւ հարեւաններու միջեւ ձեւաւորել համագործակցութեան փոխշահաւէտ օրակարգ։ Փաշինեանը նկատի ունեցած է վերջերս Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «Բարեկամական յարաբերութիւններու եւ բարիդրացիութեան մասին» հռչակագրի ստորագրումը, որ նուազեցուցած է լարուածութիւնը երկու երկրի միջեւ։