Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան վերջերս ներկայ գտնուած է Հ.Օ.Մ.-ի «Արփի» մասնաճիւղի հանգստեան տան մէջ տեղի ունեցած աւանդական հացկերոյթին։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Պրազիլիոյ Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր նշուած է՝
Այսօր՝ 9 Ապրիլին, Սան Փաուլոյի Հ.Օ.Մ.-ի «Արփի» մասնաճիւղի հանգստեան տան մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, կազմակերպութեամբ տնօրէն խորհուրդի։ Ներկայ էին Գերաշնորհ Տ. Նարեկ եպիսկոպոս Պէրպէրեանն ու հոգեւորականներ։ Համեղ ճաշէն ետք, ծերանոցէն ներս տեղաեդումը կատարուեցաւ թեմակալ Սրբազան հօր պատկերին։Հ.Օ.Մ.-ի մասնաճիւղի նախագահ՝ Սոնիա Մուրատեանը խօսեցաւ առիթի կարեւորութեան ու նաեւ շատ բարձր գնահատեց Սրբազան Հօր տուած հայրական այցելութիւնը։
Իր կարգին Գերշ. Տ. Նարեկ Սրբազան, ընդգծեց այս դարաւոր հաստատութեան կարեւորութիւնը եւ շնորհաւորեց բոլոր Հ.Օ.Մ.-ուհիները, իրենց անխոնջ նուիրումին համար։