Օրերս, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, յոբելենական եպոսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։ Առիթը անոր քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման 40-ամեակը եւ վերընտրութիւնն էր։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գանատայի Հայոց Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Կիրակի, 5 Մայիս 2024-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ։
Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին, Սուրբ Խորանին սպասարկեցին, Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւագ Քահանայ Միքայէլեան եւ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քահանայ Մանուկեան։ Աղօթակից էին, Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեան եւ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան:
Ներկայ էին նաեւ, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Ազգային Վարչութեան անդամներ, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Գանատայի Հայոց Թեմի երեսփոխաններ, Հոգաբարձութեան անդամներ եւ հոծ բազմութիւն։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր քարոզը լսելու համար սեղմել հետեւեալ կապը. https://www.facebook.com/share/v/QB5WgFj9EYV4Qdxp/?mibextid=WC7FNe
Պատարագի աւարտին, Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Թաշճեան ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր քառասուն տարիներու ծառայութիւնը, նմանցնելով Մովսէս Մարգարէի քառասուն տարիներու հովութեան։ Յանուն Մեծն Թորոնթոյի համայնքին, Հայր Սուրբը շնորհաւորեց Յոբելեար Սրբազան Հայրը եւ համայնքին, հովիւներուն ու հոգաբարձութեան կողմէ Եպիսկոպոսկան մատանի մը նուիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր։
Աւարտին «Այսօր Յարեաւ» շարականի երգեցողութեամբ թափօրով հոգեւորականաց դասն ու հաւատացեալ ժողովուրդը ուղուեցան դէպի Հայ Կեդրոնի սրահ, ուր տեղի ունեցաւ շնորհաւորական աջահամբոյր։