image

Պէյրութի մէջ. Մահացած է Հայկ Գարագիւլահեան

Պէյրութի մէջ. Մահացած է Հայկ Գարագիւլահեան

 Պէյրութի մէջ. Մահացած է Հայկ Գարագիւլահեան 

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաշէն շրջանի յարգուած ազգայիններէն՝ Հայկ Գարագիւլահեան։ 

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Ստորեւ մեր ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք հանգուցեալ քրոջ դստեր՝ խմբագրութեանս յղուած հակիրճ մահագրականը։

Պայծառ Աւետիքեան Տէրտէրեան

 Կը գրէ՝  Հանգուցեալը ծնած է Պէյրութ՝ Լիբանան։ Ան նախնական կրթութիւնը ստացած է Թորգոմեան վարժարանէն ներս, ապա որոշ շրջան մը կացարան գտած Այնճարի գիշերօթիկը։ Անկէ ետք անցած է կեանքի դպրոցին։Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ Հայաշէնի ակումբի տղոց հետ պահակութիւն ըրած է հայ թաղեցիներուն ապահով պահելու համար։ Սմուսնացած է Ժագօ Ռապպաին հետ։ Ան եղած է վարպետ բոլոր ա՛յն գործերուն մէջ , որ ինք սրտանց ըրած է ինչպիսին (մետաղեայ զարդեղէններու ոսկեջրապատում կամ արծաթապատում ՝ տան զարդեղէններու)։ Թէեւ զաւակ չունէր սակայն մեզի կը սիրեր իր զաւակնեուն պէս ։ տարիներով հոգ տարած է որբ արիւնակից ներու։

 Թէեւ չէր արտայայտէր իր զգացումն ու սէրը մեզի նկատմամբ , սակայն գործով կը փաստէր ։ Տարիներով հոգ տարած է իր հիւանդ հօր մինչեւ մեծ հօրս վերջին շունջը։ Հանգուցեալը օգնութեան կը հասնէր բոլորին, իր ձեռքը կանաչ էր , եւ ինչ բանի որ ձեռնարկէր կը յաջողէր ։ 

Յիշատակդ միշտ մեր սրտերուն մէջ պիտի մնայ իմ սիրելի Քեռիս ։ 

Գնայ մարմնով ննջէ խաղաղութեամբ մեր բոլոր ննջեցեալներու կողքին , իսկ հոգիդ թող սաւառնի ու հասնի երկինք։