image

Հայրենասիրութեան վառ օրինակ ԱՄՆ-էն. Ամերիկահայ 16 -ամեայ երիտասարդը փութացած է օգնել՝ արցախցի մեր եղբայրներուն

Հայրենասիրութեան վառ օրինակ  ԱՄՆ-էն. Ամերիկահայ 16 -ամեայ երիտասարդը   փութացած է  օգնել՝ արցախցի մեր  եղբայրներուն

 Աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան համար իրենց պապենական հողերէն բռնագաղթուած  արցախցի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն  օգնութեան  հասնելու   օրակարգը կը շարունակէ մնալ  կիզակէտային։

Ուշագրաւն այն է, որ   այդ նուիրական  օգնութեան ձեռքերուն մէջ  իրենց  մասնակցութիւնը  կը բերեն նորահաս սերունդի զաւակները։  Յաճախ  տարբեր հարթակներու վրայ   անտեղի եւ նոյնիսկ  վիրաւորական վերագրումներ կը կատարուին նոր  սերունդի    ներկայացուցիչներու հասցէին, իսկ իրականութիւնն բոլորովին այլ է...

 Իրականութեան ցոլացումը  ամերիկահայ  մեր  երիտասարդ   հայրենակից՝ Արեգ Բոյներեանի    նուիրական արարքին մէջ է, որ օրերս  իր սրտագին մասնակցութիւնը բերած է   յանուն արցախցի մեր հայրենակիցներուն։ 

Լուրը մանրամասն  տրուած է ամերիկահայ հայ մամուլին կողմէ ու անոր շահեկանութեան համար    որոշակի  յապաւումներով կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Ի տես Արցախի կորուստին եւ տասնեակ հազարաւոր արցախահայերու դէպի Հայաստան բռնի գաղթին եւ կատարուած սարսափելի ոճիրներուն՝ ցնցուած, խոցուած եւ վրդոված հայեր անտարբեր չմնացին եւ ամէն կերպ աջակցեցան գաղթականներուն:

Երբ առաւել քան 120,000 արցախահայերու աքսորի եւ դէպի Հայաստան բռնի գաղթին ու  սարսափելի արհաւիրքին մասին լուրը աշխարհի մէջ տարածուեցաւ, Կլենտէյլէն Արեգ Բոյներեան՝ տակաւին 16 տարեկան երիտասարդ մը, անմիջապէս, անձնական նախաձեռնութեամբ գործի լծուեցաւ՝ օգնութեան ձեռք երկարելու իր հայրենակիցներուն: Ան կազմակերպեց Արցախին նուիրուած երիտասարդական մասնաւոր միջոցառում մը, իր բարեկամները  հրաւիրելով ինքնաշարժներու ցուցադրութեան (Car Show) Պըրպենքի առաջնորդարանի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի կառատան մէջ: Միայն երկու ժամուան տեւողութեամբ եզակի միջոցառման մուտքի նուիրատուութիւններէն հաւաքուած գումարը հասաւ 8187 ամերիկեան տոլարի: Արեգի երազը եւ նպատակն էր՝ օգտակար հանդիսանալ Հայաստան հաստատուած իր քոյրերուն ու եղբայրներուն:

Անցնող օրերուն, Արեգը, ընկերակցութեամբ իր մօր՝ տոքթ. Թալար Թեջիրեանին՝ այցելեց Հայոց առաջնորդարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հետ եւ անոր յանձնեց գումարը, որ պիտի փոխանցուի Հայաստան տեղափոխուած կարիքաւոր արցախահայերուն: Սրբազանը բարձր գնահատեց Արեգի սոյն եզակի նախաձեռնութիւնը, որ իր անկեղծ սիրոյ ու ապրումներու դրսեւորումն էր  հանդէպ հազարաւոր արցախահայերուն, որոնք Արեգի եւ շատերու օժանդակութեան կարիքը ունին: Սրբազանը ըսաւ, թէ կարեւորը գումարին քանակը չէ, որքան բարի կամեցողութիւննը եւ փափաքը ունենալը՝ օգնելու մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն: 

Հանդիպումին ներկայ եղաւ նաեւ Վազգէն քհնյ. Մովսէսեան, որ Արեգին արարքը համարեց հայ երիտասարդութեան վճռականութեան արտացոլացումը: Արեգը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց իր ծնողքին, բարեկամներուն եւ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւին, ծխական խորհուրդին եւ երիտասարդական խումբին (AYCO):

Ընդօրինակելի եւ եզակի արարք մը՝ հայու խիզախ կամքը եւ վճռականութիւնը արտայայտող: Օրինակելի արարք մը, գեղեցիկ՝ իր էութեան մէջ, որմով «ես»ը «մեր»ի եւ «մենք»ի իսկ նիւթը ոգիի կը փոխակերպուի:

Յայտնենք, որ առաջնորդին տնօրինութեամբ, Արեգը, ընկերակցութեամբ իր մօր՝ պիտի մեկնի Հայաստան եւ օժանդակութիւնը անձնապէս փոխանցէ արցախահայերուն:

ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Նիւթը՝ «Ասպարէզ»էն