image

Սան Փաուլոյի մէջ. Կրօնական արարողութեամբ նշուած է քաղաքի յոբելեանը. Ներկայ եղած է նեաւ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան

  Սան Փաուլոյի մէջ. Կրօնական արարողութեամբ նշուած է քաղաքի յոբելեանը. Ներկայ եղած է նեաւ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեան

Օրերս, Պրազիլիոյ մէջ նշուած է Սան Փաուլօ քաղաքի յոբելեանը՝ յատուկ արարողութեամբ։ Արարողութեան ի շարս այլ երեւելի ներկայացուցչութիւններու ներկայ եղած է նաեւ մեր եկեղեցին, գլխաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. նարեկ եպս. Պէրպէրեանին։

Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ մասին Թեմի պաշտօնական էջին կողմէ կատարուած գրառումը։

  Լուրը համադրեց՝  «Արեւելք»ը 

25 Փետրուարի առաւօտեան, Սան Փաուլոյի Մետրոպոլիտ՝ Քարտինալ Տօմ Ատիլօ Փետրօ Շէրէրը, «Սէ – Էս.Փէ» Մայր տաճարին մէջ կատարեց հանդիսաւոր պատարագը նուիրուած՝ առաքեալ Սան Փաուլոյի տօնին։ Այդ առիթով նշուեցաւ նաեւ մայրաքաղաքի հիմնադրման 470 ամեակը եւ տաճարի հիմնադրման 70 ամեակը։

Ներկայ էին քաղաքացիական, ռազմական եւ հանրային բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնցմէ քաղաքապետ Ռիքարտօ Նունը եւ Սան Փաուլոյի նահանգապետ Թարչիսիօ տը Ֆրէյթասը։ Ներկայ էին նաեւ քրիստոնեայ տարբեր դաւանանքներու պետ- ներկայացուցիչներ։ Պրազիլիոյի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմը կը ներկայացնէր Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Նարեկ եպիսկոպոս Պէրպէրեանը, ուղեկցութեամբ Հոգշ. Տ. Եզնիկ վրդ. Կիւզէլեանի։

Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ սրբազանը զրոյց մը ունեցած է Քարտինալ Տօմ Ատիլօ Փետրօ Շէրէրին հետ, զինք շնորհաւորելով տօնին առիթով եւ մաղթելով, որ ապագային Սան Փաուլոյի արքեպիսկոպոսութեան եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի միջեւ նոր ծրագիրներ յաջողութեամբ կը պսակուին։