Աննա Յակոբեանը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր գացած էր կրտսեր դստեր հետ եւ թիկնազօրի ուղեկցութեամբ: Անոր դիմաւորած են «Նիկոլ ցեղասպան» վանկարկութիւններով:
Ան կրցած էր ծաղիկներ դնել անմար կրակի մօտ միայն ոստիկաններու միջամտութենէն ետք։
Թիկնապահի առաջարկին՝ հեռանալ, ան պատասխանած է մերժումով՝ հասկցնելով, որ միայն ծաղիկներ դնելէ ետք պիտի լքէ յուշահամալիրը: