Օրերս ի ներկայութիւն Գերշ. Տ. Գեղամ եւ Տ. Թորգոմ Սրբազաններու, Լոս Անճելըսի մէջ նշուած է Համբարձման տօնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է`
Հինգշաբթի, 9 Մայիս 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմը հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագով նշեց Համբարձման տօնը Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, ներկայութեամբ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Արք. Տօնոյեանի եւ վեղարաւոր ու քահանայ հայրերու:
Տօնին առիթով աւուր պատշաճի քարոզեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, որ նախ յանուն Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասուն շնորհաւորեց Սրբազան Հօր առաջնորդ ընտրութիւնը եւ թեմակալ հոգեւոր ծառայութեան, ազգաշէն ու մարդասիրական գործունէութեան մէջ Գեղամ Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Հոգեւոր հայրերուն, ապա անդրադարձաւ Յիսուս Քրիստոսի երկինք համբարձման խորհուրդին՝ իբրեւ քրիստոնէական վարդապետութեան կարեւորագոյն տօներէն մէկը:
Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազանը իր շքերթով ուղղուեցաւ Կլենտէյլի Legacy Banquet Hall, ուր նախագահեց Համբարձման տօնին առիթով Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինի կազմակերպած յատուկ ճաշկերոյթին, հիւրընկալութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի բարերար Տիկին Նունէ Սեփեթճեանի:
Սիրոյ սեղանին ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամ Տիկին Ծովիկ Զէյթլեան, շրջանի մէջ գործող միութիւններու Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. Առաջնորդարանի բարերարներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ մարմինի անդամ, հանդիսավար Տիկին Սօսի Կէօքկէօզեան եւ սեղաններու օրհնութեան հրաւիրեց Առաջնորդ Գեղամ Արքեպիսկոպոսը, որ աղօթքով եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն բերուած «մաս»երով օրհնեց սրահը լեցուցած մօտաւորապէս երկու հարիւր տիկինները:
Այնուհետեւ հրաւիրուեցաւ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս եւ գնահատանքի խօսք ուղղեց Տիկնանց Օժանդակ մարմինի ժրաջան անդամներուն եւ տօնին առիթով շնորհաւորեց ներկաները, ապա ընդգծեց նուիրուածութիւնը՝ առաջնորդական իր քառամեայ շրջանին Ազգ. Առաջնորդարանի մարդասիրական ծրագիրներուն իրենց անսակարկ ծառայութիւնն ու անշեղ հաւատարմութիւնը ցուցաբերած կարգ մը հայուհիներու, որոնք անցնող չորս տարիներու ընթացքին գործօն մասնակցութիւն բերին Արեւմտեան Թեմի ծաղկազարդման աշխատանքներուն: Այնուհետեւ, իրենց կամաւորական ծառայութեան համար Օրհնութեան գիրեր ստացան Տիկիններ Սիլվա Սայապալեան, Ծովիկ Զէյթլեան, Մարի Պապիկեան, Քարմէն Եարալեան եւ Մարիամ Կարապետեան (յետ մահու), իսկ օրուան հիւրընկալ եւ Ազգ. Առաջնորդարանի մնայուն զօրակից Տիկին Նունէ Սեփեթճեան Թորգոմ Արք.ի ձեռամբ ստացաւ յիշատակի գեղեցիկ նուէր եւ արժանացաւ գնահատանքի եւ կազմակերպիչ Մարմինի կողմէ՝ շքեղ ծաղկեփունջի:
Գնահատանքի արժանացող հայուհիներու երրորդ խումբը կը կազմէին Ազգ. Առաջնորդարանի աշխատանքներուն նիւթաբարոյական աջակցութիւն բերած քոյրեր եւ մայրեր, որոնք ստացան յատուկ յուշանուէրներ, ինչպէս՝ Տիկիններ Յասմիկ Յովակիմեան, Սօսէ Էշկիեան, Անահիտ Պաղտատլեան Օհաննէսեան, Էլիզապէթ Պոյաճեան, Բժիշկ Այտա Ռշտունի Ճուհարեան, Վալանթին Սարաֆեան, Մարօ Ֆերմանեան եւ Նուէր Սամուէլեան (վերջին չորսը՝ ի բացակայութեան. յուշանուէրներու յանձնումը պիտի կատարուի աւելի ուշ):
Թորգոմ Սրբազան մէկ առ մէկ դրուատելէ ետք մեծարուող բոլոր հայուհիները, նշեց նաեւ իւրաքանչիւրին բարեմասնութիւնները, ապա իրեն յատուկ զուարթախոհութեամբ մը աւարտելով խօսքը՝ նշեց, որ հայ տիկինները յաճախ աւելի առատաձեռն, սիրայօժար ու լիաբուռն կը վերաբերին Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներուն, քան իրենց ամուսինները եւ համոզում յայտնեց, որ որքան շատ գնահատուին հայ տիկինները, այնքան մեծ կ՛ըլլայ անոնց ծառայութիւնը ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին:
Առաջնորդ Գեղամ Սրբազանի պատգամը եկաւ ամբողջացնելու հայ կնոջ կերպարը նաեւ անցեալ դարերու ընդմէջէն՝ իբրեւ իր ընտանիքին, զաւակներուն, ազգին ու հայրենիքին անմնացորդ նուիրեալ հայուհի եւ ի վերուստ մայրական շնորհներով օժտեալ կին, որուն կարելի է անվարան վստահիլ, ապա անդրադառնալով տօնին ազգային նկարագիրին՝ ան դիտել տուաւ, որ աւանդութիւնը ընդհանրապէս ժողովուրդի մը ներկային մաս կը կազմէ, այլ ոչ միայն անցեալին, որովհետեւ աւանդութիւնները կը դրսեւորեն ժողովուրդի մը առօրեայ կեանքը, բնաւորութիւնը, հոգեբանութիւնը եւ նկարագիրը:
Իր խօսքին մէջ նաեւ վեր առնելով համայնական գործի ու նպատակի յաջողութեան համար իրենց անսակարկ նպաստը բերելու պատրաստ օրհնեալ հայուհեաց դրական պատրաստակամութիւնը ոչ միայն խաղաղ, այլեւ ազգի ու հայրենիքի ճգնաժամային պահերուն, Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Նկատի առած տարիներու իմ փորձառութիւնները՝ Լիբանանի եւ Յունաստանի առաջնորդական ծառայութեան մէջ, կը հաստատեմ, որ եթէ կ՛ուզես գործ մը յաջողի, ապա զայն յանձնէ կնոջ, որովհետեւ կինը աստուածարեալ շնորհի տէր արարած է եւ իր ձեռնհասութեամբ, կազմակերպուածութեամբ, բծախնդրութեամբ ու կոկիկութեամբ այդ գործը լաւագոյն ձեւով գլուխ կը հանէ: Այս ալ Աստուծոյ հրաշալի բնութեան գեղեցիկ մէկ պատկերն է տրուած կնոջ», եզրափակեց ան:
Յայտնենք, որ Համբարձման տօնի գեղարուեստական բաժինը վարեց Տիգրան եւ Անի Փիւազեան զոյգը, որ կիթառի ու երգերցողութեան ճամբով ստեղծեց հաճելի մթնոլորտ, որուն մասնակից դարձան նաեւ ներկաները՝ միաձայնութեամբ երգելով Համբարձման տօնին նուիրուած եւ ժողովրդական ճոխ երգեր: