image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպաութեան առաջին յուշակոթողը. Ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ո՞ւր ...Դիտարկում Յակոբ Չոլաքեանէն

Սուրիոյ  մէջ     Հայոց ցեղասպաութեան առաջին յուշակոթողը. Ինչպէ՞ս, ե՞րբ եւ ո՞ւր ...Դիտարկում  Յակոբ Չոլաքեանէն

Քեսապահայ մտաւորական եւ ուսուցչապետ Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝ 

 

Զարմանալու բան է, որ ազգային միեւնոյն արժէքները կրողները իրար չեն տանիր, իրարու կը հակադրուին միեւնոյն արժէքներով։ Ըսել կ՛ուզեմ, որ մեր ազգային տօներն ու Մեծ եղեռնի յիշատակն անգամ մեզ իրարմէ բաժնող անկիւններ էին։  Վարդանանք, Ապրիլ 24․․․ Չխօսինք Մայիս 28-ի մասին, որ սեփականաշնորհուած էր։

Այսպէս էր։

Ու ես կը յիշեմ Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւ վերապատուելի Արտաշէս Գերպապեանը։ Ան ամեն ճիգ կը թափէր, որ Վարդանանքն ու Ապրիլ 24ը համազգային համախմբութեամբ ու համատեղ նշուէին՝ առիթ  հանդիսանալով որ յարանուանապէս երեք կտոր եղած ժողովուրդը գոնէ այդ օրերուն ազգային վեհ գաղափարներու շուրջ միաւորուի։ Ստորագրութիւններ կը հաւաքէր։ Ոմանք կողմնակից էին, ոմանք, հանգամանքէն պատկառելով, համաձայն էին։  Ինք հետամուտ էր, որ շրջանի երեք հոգեւոր պետերը քովէ քով նստին, խորհրդակցին եւ համաձայնութիւն գոյացնեն։ Կը համաձայնին։ Վերապատուելին, կ՛ըսեն, պայմանագրութիւնը կը պատրաստէ։ Կը ստորագրեն երեք հոգեւոր պետերը։ 

Կ՛արժէ  գիտնալ, թէ այդ փաստաթուղթը կա՞յ, պահուա՞ծ է տեղ մը, թէ այդ ալ ժողովրդական բանահիւսութեան մաս կը կազմէ։

Բայց իրողութիւն է, որ այդ օրերէն ի վեր Քեսապի ամբողջ հայութիւնը եւ բոլոր եկեղեցականներն ու միութիւնները Վարդանանքը կը նշեն Քեսապի Հայ առաքելական Ս, Աստուածածին, իսկ Ապրիլ 24-ը՝ Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ։ 

Այդ մօտեցումին հետեւանքն ալ այն կ՛ըլլայ, որ 1964 Ապրիլ 24-ին, Մեծ Եղեռնին յիսմամեակի նախօրեակին, Քեսապի Գերեզմանատան մէջ կը կառուցուի Սուրիոյ մէջ Հայոց ցեղասպաութեան առաջին յուշակոթողը։