Առաջիկայ ամիսներուն Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զօրակազմի թիւը պիտի կրճատուի՝ նուազելով մինչեւ 1000 զինուորականի՝ յայտնած է Փենթակոնի ներկայացուցիչ Շոն Փարնել:
Պաշտօնեան ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը հրամայած է միաւորել ամերիկեան ուժերը Սուրիոյ մէջ՝ «Անսասան վճռականութիւն» գործողութեան շրջածիրէն ներս:
Միեւնոյն ժամանակ, Փենթակոնի ներկայացուցիչը նշած է, որ Իսլամական պետութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի ամերիկեան զինուած ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան շրջածիրէն ներս: Անոր խօսքով՝ ահաբեկչութեան սպառնալիքը չի սահմանափակուիր Մերձաւոր Արեւելքով, եւ Միացեալ Նահանգները զգօն պիտի ըլլայ բոլոր ցամաքամասերուն մէջ: