Տուժածներուն մէջ ՀՀ քաղաքացիներ ըլլալու վերաբերեալ տուեալներ չկան։ Այս մասին «Sputnik Արմենիա»-ին յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեան ի պատասխան հարցին, թէ տեղեկութիւններ կա՞ն Սուրիոյ Քեսապի շրջանին մէջ մոլեգնող հրդեհներէն ՀՀ քաղաքացիներու կամ հայերու մասին։
Նշենք, որ Սուրիոյ Լաթաքիոյ նահանգի մոլեգնող հրդեհները մօտեցած են Քեսապի հայաբնակ գիւղերէն մէկուն։