image

Սուրիոյ հրդեհներուն հետեւանքով հայ տուժածներ չկան. ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Սուրիոյ  հրդեհներուն հետեւանքով հայ  տուժածներ չկան. ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Տուժածներուն մէջ ՀՀ քաղաքացիներ ըլլալու վերաբերեալ տուեալներ չկան։ Այս մասին «Sputnik Արմենիա»-ին յայտնած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան  մամուլի խօսնակ Անի Բադալեան ի պատասխան հարցին, թէ տեղեկութիւններ կա՞ն Սուրիոյ Քեսապի շրջանին մէջ մոլեգնող հրդեհներէն ՀՀ քաղաքացիներու կամ հայերու մասին։

Նշենք, որ Սուրիոյ Լաթաքիոյ նահանգի մոլեգնող հրդեհները մօտեցած են Քեսապի հայաբնակ գիւղերէն մէկուն։