Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները քանի մը եւրոպացի դաշնակիցներու հետ իրենց ազդեցութիւնը կ'իրականացնեն Սուրիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու եւ պատերազմէն տուժած երկրի դէմ տնտեսական պատժամիջոցները մեղմելու համար, յայտնած է Bloomberg-ը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները:
Պարսից ծոցի երկիրներու ջանքերը կը շարունակուին « տարբեր մակարդակներու վրայ ամիսներ շարունակ», յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի պատժամիջոցները չեղեալ նկատելու: Պաշտօնեաները կը պնդեն, որ «պատժամիջոցները պէտք է մեղմացնել, որպէսզի կարողանան օգնել վերակենդանացնելու Սուրիոյ փլուզուած տնտեսութիւնը, հակառակ պարագային 12-ամեայ հակամարտութեան վերջ տալու դիւանագիտական քայլերն անօգուտ են»,- գրած է պարբերականը:
Պարսից ծոցի պաշտօնեաները համոզուած են, որ Սուրիոյ տնտեսութեան վերականգնումը կրնայ տալ միլիոնաւոր սուրիացի փախստականներուն հայրենիք վերադառնալու հնարաւորութիւն:
Ըստ Bloomberg-ի՝ տարիներ շարունակ աջակցելով ծայրայեղական խմբաւորումներուն, որոնք կը ձգտէին տապալել Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ալ Ասատին, Ռիատ եւ Ապու Տհապի վերջերս վերականգնեցին յարաբերութիւնները Դամասկոսի հետ՝ առաջացնելով Արեւմուտքի զայրոյթը:
Չնայած Սէուտական Արաբիոյ եւ ԱՄԷ-ի ջանքերուն՝ հինգշաբթի Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել ըսած է, որ Դամասկոսի նկատմամբ ԵՄ-ի քաղաքականութիւնը «չի փոխուիր»։
«Դամասկոսի վարչակարգի եւ շարք մը արաբական պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց կ'ընթանայ։ Մենք նաեւ կը հետեւինք Թուրքիոյ՝ սուրիական ռեժիմին հետ շփման միջոցով իր որոշ խնդիրները լուծելու փորձերուն։ Սա այն ճանապարհը չէ, որով կ'երթայ ԵՄ-ը: Մենք շուտով կը տեսնենք, թէ արդեօք այդ ջանքերը կը համոզե՞ն Դամասկոսի ռեժիմը երկխօսութեան մէջ մտնելու Պարսից ծոցի եւ արաբական երկիրներու հետ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 2254 բանաձեւի տարբեր երեսակներու շուրջ»,- ըսած է եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավարը։
Վերջերս ԱՄՆ պաշտօնեաներն ալ սկսած են օրէնսդրութիւն առաջ քաշել Սուրիոյ դէմ հետագայ պատժամիջոցներու վերաբերեալ՝ կանխելու արաբական աշխարհի հետ Դամասկոսի յարաբերութիւններու կարգաւորումը: