image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ գաղութը պիտի պահպանուի ... Հայաստանի համար. Թորոս Թորանեան

Սուրիոյ գաղութը պիտի պահպանուի ... Հայաստանի համար. Թորոս Թորանեան

«Հոս բազմաթիւ սուրիահայեր կան, պէտք է միասին նստինք, խօսինք , թէ ի՞նչ կրնանք ընել օգնելու մեր հայրենակիցներուն»,- «Արեւելք»-ին յայտնեց Թորոս Թորանեան, առաջարկելով Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերու հաւաք մը կայացնել, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Սուրիոյ տագնապալից իրադարձութիւններէն ետք հայորդիներուն վիճակը, ըլլան անոնք Սուրիա կամ Հայաստան, եւ իւրաքանչիւրը ներկայացնէ իր օժանդակութեան կարելիութիւնները:

«Ըստ տեղեկութիւններուս, Հայասատան տեղափոխուած են 17 հազար սուրիահայեր: Այս մարդկանց բնակարաններ պէտք է ապահովուին, որովհետեւ անոնցմէ շատերը վարձք վճարելու կարողութիւն չունին: Ուրիշներ Սուրիոյ մէջ սեփականութիւններ ունին, պէտք է ձեւ մը գտնուի, օգնելու մանաւանդ անոնց, որոնք կը փափաքին իրենց ունեցուածքը վաճառել եւ հաստատուիլ Հայաստանի մէջ»,-աւելցուց ան :

Հալէպը իբր Մայր Գաղութ պահպանման գաղափարին շուրջ խօսելով, Թորանեան ըսաւ. «Գաղութը պէտք է պահպանուի, որովհետեւ այդ գաղութը Հայաստանի համար պէտք է: Չէ եղած գիշեր մը, որ չի լուսնայ: Ճիշդ է, զոհեր շատ կան, բայց այս պատերազմը անպայման վերջ մը ունի: Ամէն պարագայի, եթէ գաղութ մը պիտի պահպանուի, պէտք է Հայաստանի համար ըլլայ անիկա, եթէ ոչ, կարիքը չկայ անոր, թող կործանի»:

Վերջերս Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հալէպ ուղղարկուած օժանադակութիւններուն մասին, իր կարծիքը յայտնելով երեւանաբնակ Թորանեան ըսաւ. «Շատ լաւ երեւոյթ է, որ Հայաստանը կրնայ օգնել հալէպահայութեան: Հալէպի մէջ մնացող հայութիւնը մեր գնահատանքին արժանի է, որովհետեւ գաղութը պահել կ′ուզեն: Գաղութները Հայաստանին պէտք են: Հայաստանի այս քայլն ալ շատ կարեւոր էր, որպէսզի կարողանանք արաբ հանրութեան մօտ Հայաստանի նկատմամբ դրական կարծիք ստեծել»:

Թորանեան երբեք յուսահատ չէ սուրիական արհաւիրքի աւարտին, թէկուզ քիչ մը ուշ: Ան ըսաւ. «Մենք տեսած ենք 7-ամեայ, 30-ամեայ պատերազմներ, համաշխարհային մասշտաբի պատերազմներ, բայց ի վերջոյ աւարտած են: Այս պատերազմն ալ, եթէ վերջ գտնէ, Սուրիան պիտի վերականգնի, բայց շատ երկար պիտի տեւէ այդ աշխատանքը: Չեմ յուսահատած, որովհետեւ գիտեմ, որ այս եղածները չարագործներու գործ է, բոլոր աշխարհը գիտէ, թէ որոնք են պատճառը, որ հազարաւոր մարդիկ Թուրքիայէն կու գան զինուած, պատրաստուած եւ գրպանները տոլարներով լեցուցած:

Մենք, Հալէպի մէջ, արաբներուն հետ 100 տարի ապրած ենք: Նոյնիսկ հայ ընտանիքներ կան, որոնք 600 տարիէ հոն կ′ապրին, օրինակ՝ Սապպաղեան ընտանիքը, որոնք տակաւին հայախօս են: Տեղւոյն արաբները կամեցող, հիւրասէր եւ ազնիւ մարդիկ են: Անոր ապացոյցը տալու համար շատ օրինակներ կարելի է բերել մեր սեփական կեանքէն: Օրինակ՝ առաւօտ մը, ինքնաշարժիս վրայ թուղթ մը գտայ, որուն վրայ կար հետեւեալ գրութիւնը. «Յարգելի տոքթոր, ես օդօս դէպի ետեւ տարած ատեն լոյսը կոտրեցի, թիւս այս է, որքան է տոյժը պատրաստ եմ յատուցել»: Յաջորդ օրը, երբ հանդիպեցայ մարդուն ան ըսաւ. «Հայերէն զատ լաւ ժողովուրդ չկայ աշխարհի վրայ, հայերը լաւ ժողովուրդ են»,- բայց իրականութեան մէջ, այդ թուղթի կտորը ձգելով, ան փաստեց իր ազնիւ մօտեցումը»,- շարունակեց Թորանեան:

«Արաբներուն հետ մեր դրացիական յարաբերութիւնները շատ լաւ էին: Դուրսէն եկողներն են, որ հարցեր ստեղծեցին:  Ամբողջ աշխարհը գիտէ, որ ով ըրաւ այս պատուհասը: Միայն ժողովրդավարութեան մասին կը խօսին, բայց իրենք այդ արժէքներուն դէմ է, որ կը կռուին»- «Արեւելք»-ին հետ, իր զրոյցը եզրափակեց տոքթ. Թորոս Թորանեան: