image

Սուրիացիներ «Հըմէմիմ» ռազմական խարիսխ կ՚ապաստանին

Սուրիացիներ «Հըմէմիմ» ռազմական խարիսխ կ՚ապաստանին

Քանի մը հարիւր սուրիացիներ, մեծամասնութեամբ կանայք, երեխաներ եւ ծերեր, բռնութիւններէն ապաստան գտած են Լաթաքիոյ՝ ռուսական «Հըմէմիմ» ռազմական կայանին մէջ։ Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով դէպքի վայրէն պատկերներ եւ երկու աղբիւր։

Միեւնոյն ժամանակ, ընկերային ցանցի շարք մը օգտատէրեր հրապարակած են կանանց եւ երեխաներու լուսանկարներ՝ մակագրելով, որ անոնք քրիստոնեայ, տրուզ եւ ալաւի փախստականներ են, որոնց Ռուսիան հնարաւորութիւն տուած է ապաստանիլ «Հըմէմիմ» ռազմական կայանին մէջ, յայտնած է DW-ն։

Հրապարակման պահուն հնարաւոր չէ եղած պարզել այդ օգտատէրերու ինքնութիւնը կամ ստուգել լուսանկարներու իսկութիւնը: