Արարատի մարզին մէջ, Փետրուար 24-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 19:50-ի սահմաններուն ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան 911 ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Սուրէնաւան գիւղի վարչական տարածքին մէջ գտնուող դաշտամիջեան հատուածէն անցնող Կախանովի ջրանցքին մէջ «Պելառուս» մակնիշի թրակտոր ինկած է:
Վայր ժամանած է ԱԻՆ ՓԾ Արարատի թիւ 24 հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն 1 մարտական հաշուարկ: Քաղաքացիները իրենց ուժերով, վերամբարձ կռունկի միջոցով դուրս բերսծ են ջրանցքէն թրակտորը, ապա փրկարարները այնտեղէն դուրս բերած են երիտասարդ տղայի դին:
Մահացածը Սուրէնաւան գիւղի բնակիչ, 28-ամեայ Գագիկ Անդրէասեանն էր: