image

Սուրէնաւանի մէջ ցաւալի պատահար եւ կորուստ

Սուրէնաւանի մէջ ցաւալի պատահար եւ կորուստ

Արարատի մարզին մէջ, Փետրուար 24-ին,  ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է. ժամը 19:50-ի սահմաններուն ԱԻՆ փրկարար ծառայութեան  911 ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ  Սուրէնաւան գիւղի վարչական տարածքին մէջ գտնուող դաշտամիջեան հատուածէն անցնող Կախանովի  ջրանցքին մէջ «Պելառուս»  մակնիշի  թրակտոր ինկած է:

Վայր ժամանած է ԱԻՆ ՓԾ Արարատի թիւ 24 հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն 1 մարտական հաշուարկ: Քաղաքացիները իրենց ուժերով, վերամբարձ կռունկի  միջոցով դուրս բերսծ են ջրանցքէն թրակտորը, ապա փրկարարները   այնտեղէն դուրս բերած են  երիտասարդ տղայի դին:

Մահացածը Սուրէնաւան գիւղի բնակիչ, 28-ամեայ Գագիկ Անդրէասեանն էր: