image

Սուրբ Յովհաննէս Մկրտչի մասունքարանը «Ոսկեվազ» պիտի տարուի

Սուրբ Յովհաննէս Մկրտչի մասունքարանը «Ոսկեվազ» պիտի տարուի

25 օգոստոսին, Ոսկեվազի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ ուխտի օրուան առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական տնօրինութեամբ եւ Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մկրտիչ եպս. Պռոշեանի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն առաջին անգամ ըլլալով Ոսկեվազ կը բերուի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտչի Մասունքարանը ու կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, սկիզբը ժամը 10:30-ին:

Մասունքարանը եկեղեցւոյ մէջ կը մնայ մինչեւ ժամը 16:00-ը: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արագածոտնի թեմը: