image

Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ միջադէպի գործով անցնող Դաւիթ Մինասեանը 2 ամիսով կալանաւորուած է

Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ միջադէպի գործով անցնող Դաւիթ Մինասեանը 2 ամիսով կալանաւորուած է

Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ միջադէպի գործով ձերբակալուած 12-րդ դասարանի աշակերտ զոյգ եղբայրներէն մէկը՝ Դաւիթ Մինասեանը երկու ամիսով կալանաւորուած է։ Դատարանը բաւարարած է քննիչի միջնորդութիւնը։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Դաւիթ Մինասեանի պաշտպանը։

«Դատարանի հիմնաւորումները դեռ չունենք։ Երկու յօդուածով են մեղադրանքն առաջադրել։ Իւրաքանչիւր յօդուածը 2-5 տարի է։ Ամէն ինչ անելու ենք, էդ երեխային էնտեղ չենք թողնելու։ Դատարանը ոչինչ հաշուի չառաւ։ Ասացին Արմաւիրի քրէակատարողական հիմնարկ են տանելու Դաւիթին»,-ըսած է պաշտպանը։

Պաշտպանը յայտնած է, որ այսօր վաղ առաւօտեան կրկին եղբայրներու տան մէջ խուզարկութիւն կատարած են։ Առգրաւած են տղաներու մօր հեռախօսը։ Նախորդ խուզարկութեան ժամանակ ոչինչ յայտնաբերած են։

Լսելով որդիի կալանաւորման մասին լուրը Դաւիթ Մինասեանի մօր ինքնազգացողութիւնը վատացած է դատարանի բակին մէջ։ Անոր շտապ օգնութեան մեքենայով տեղափոխած են հիւանդանոց։

Մարտ 29-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մասնակցած է Սուրբ Աննա Եկեղեցւոյ մէջ պատարագի, որուն բազմաթիւ հաւատացեալներ կը մասնակցէին։ Վարչապետն անվտանգութեան աշխատակիցներու ուղեկցութեամբ փորձած է դուրս գալ եկեղեցիէն, երբ երիտասարդ մը վրդոված է՝ յորդորելով չհրել իրեն:

«Տենց չնայես ինձ»,-ըսած է երիտասարդը, յետոյ փորձած է ձեռքով հարուածել վարչապետին: Փաշինեանը անվտանգութեան աշխատակիցները յորդորած է չարձագանգել։ Դէպքէն ետք երկու քաղաքացի բերման ենթարկուած են։

Մարտ 31-ին Դաւիթին եղբայրը՝ Միքայէլ Մինասեանը ազատ արձակուած է։ Անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է բացակայելու արգելքը։

Աւելի վաղ Քննչական կոմիտէէն յայտնած էին, որ մարտ 29-ին Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած միջադէպի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին Դ.Մ.-ի նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ յօդուածի 1-ին մասով (խուլիկանութիւնը) եւ 452-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (պաշտօնատար անձի օրինական ծառայողական կամ քաղաքական գործունէութեան միջամտելը), Մ.Մ.-ի նկատմամբ՝ 46-297-րդ յօդուածի 1-ին մասով (խուլիկանութեանն աջակցիլը) եւ 46-452-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (պաշտօնատար անձի օրինական ծառայողական կամ քաղաքական գործունէութեան միջամտելուն աջակցիլը) եւ Գ.Գ.-ի նկատմամբ՝ 46-297-րդ յօդուածի 1-ին մասով (խուլիկանութիւնը կազմակերպելը) եւ 46-452-րդ յօդուածի 3-րդ մասով (պաշտօնատար անձի օրինական ծառայողական կամ քաղաքական գործունէութեան միջամտելը կազմակերպելը)։

Այս նոյն գործով քրէական հետապնդում յարուցուած է նաեւ հանրային գործիչ Գէորգ Գէորգեանի նկատմամբ, որ նոյնպէս ազատ արձակուած է 5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց եւ որպէս խափանման միջոց կիրառուած է բացակայելու արգելքը։